Անցեալ 13 դեկտեմբերին աւարտելէ ետք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի խմբակներու Ա. հանգրուանը, այսօր կը սկսի նաք-աութի հանգրուանը 16 խումբերու միջեւ:
Այսօր ժամը 22:00-ին Գերմանիոյ մէջ Լայփցիկ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Անցեալ տարեշրջանի խմբակներու Ա. հանգրուանին, Լայփցիկ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Ռէալ Մատրիտին, որ 2012-2013 տարեշրջանէն ի վեր բնաւ պարտութիւն չէ կրած որեւէ գերմանական խումբէ (10 յաղթանակ եւ 9 հաւասարութիւն):
Այլ մրցումի մը այսօր, Քոփենհակըն պիտի հիւրընկալէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Դանիական կազմը 4 անգամ մրցած է Սիթիի դէմ եւ ձախողած յաղթանակ արձանագրել` պարտուելով 2 անգամ:
Մանչեսթըր Սիթի ի վերջին 8 «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է` ըլլալով լաւագոյն անգլիական կազմը: Վերջին ակումբը, որ 15 յաջորդական մրցումներ յաղթած է, Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխն է 2019-էն 2020: Պայերն վաղը Հռոմի մէջ պիտի մրցի Լացիօ Ռոմայի դէմ, մինչ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ Ռէալ Սոսիետատը:
Մրցումները կը շարունակուին յառաջիկայ երեքշաբթի-չորեքշաբթի, երբ Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն (Նետերլանտներ) պիտի հիւրընկալեն Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտը, եւ անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթեր Միլան (Իտալիա) պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Չորեքշաբթի օր (21 փետրուարին) Նափոլի Իտալիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ Պարսելոնան, իսկ Փորթօ Փորթուգալի մէջ պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Արսենալը: