ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ական ըլլալը ամբողջովին այլ բան է, իսկ ՀՄԸՄ-ը ապրիլն ու անոր նկատմամբ սէրդ ու հաւատքդ դրսեւորելը ամբողջովին այլ բան է: Նաեւ ասոնք տարբեր են իրարմէ այն առումով, որ առաջինը չեղողը` ոչ ՀՄԸՄ-ականը, կրնայ անպայման եւ թեւեւս ալ աւելի մեծ հաւատարմութեամբ ըլլալ երկրորդը` ՀՄԸՄ-ը զգացողն ու անոր մնայուն քաջալեր հանդիսացողը:
Կիրակի, 4 փետրուար 2024-ի կէսօրուան կանուխ ժամերէն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը բառացիօրէն կը վխտար իրենց պատասխանատուներուն հովանիին տակ հաւաքուած մանուկներով ու պատանիներով, որո՛նք միայն իրաւունք ունէին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան այդ մրցումին ներկայ գտնուելու, զօրակցելու եւ քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի խումբը:
Տպաւորիչ ու յուզիչ էր պատկերը, իւրաքանչիւրը իր դպրոցին, միութեան, խումբին հետ եկած էր դաշտին թրիպիւններուն վրայ իր տեղը գրաւելու, դիտելու խաղը եւ խրախուսելու խումբը: Խանդավառութիւնն ու վայրկեան առաջ դաշտ մտնելու եւ աթոռ մը գտնելու անհամբերութիւնը զգալի էր բոլորին դէմքին վրայ, պատասխանատուները իրենց կարգին հետամուտ էին այդ հսկայ բազմութեան մէջ տէրը ըլլալու իրենց վստահուած մանուկներուն եւ պատանիներուն: 6-էն մինչեւ 14 տարեկանները համախմբուած էին լիբանանեան տարբեր շրջաններէ` հեռու կամ մօտիկ, մէկ նպատակով եւ նոյն բարձր տրամադրութեամբ:
Պասքեթպոլի խաղի ճշդուած ժամէն առաջ արդէն դաշտը ամբողջ նարնջագոյն «հագած» էր, «ասեղ նետելու տեղ չկայ» խօսքը իր ամէնէն խօսուն դրսեւորումով կը ներկայանար` յոյսով լիցքաւորելով այդ պատկերը տեսնողները: Ամենայն լրջութեամբ, կարգապահութեամբ ու կանոնաւորութեամբ հաւանաբար իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դաշտին մէջ ըլլալու եւ խաղը իրենց աչքերով դիտելու առիթը ունեցած փոքրաթիւ մանուկներն ու պատանիները նոյնիսկ չէին ուզեր նստիլ, այլ կանգնած էին կողք-կողքի, որպէսզի աւելի լաւ դիտէին ու քաջալերէին:
Խաղէն առաջ հնչեցին Լիբանանի քայլերգն ու «Յառաջ նահատակ»-ը, որ մեկնաբանուեցաւ տարբեր անմեղութեամբ ու բիւրեղութեամբ` յուզում ու հպարտութիւն առթելով միաժամանակ, երգողները իրե՛նք էին` փոքրիկ համակիրները, ձեռքերնին մէկը իրենց կուրծքին, իսկ միւսը` բռնցքուած ու բարձրացուած դէպի երկինք: Ի՜նչ աննախընթաց պահ էր ատիկա, ինչքա՜ն պատգամ ու խորհուրդ կար այդ կարճ վայրկեաններուն եւ ՀՄԸՄ գրութիւնն ու նշանակը կրող նարնջագոյն վզկապերը պարզած նոր սերունդի ներկայացուցիչներու այդ ամբողջական պատկերին մէջ: Երգեցին անոնք, երգեցին բարձր, խրոխտ ու վճռական ձայներով, իսկական հաւատքով եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ խորունկ սիրով:
Որքա՜ն լաւ մտածած էին պատասխանատուները` նման նախաձեռնութեան մը դիմելով եւ դաշտը ապագայով լեցնելով: Որքա՜ն ճիշդ քայլ էր համախմբել մանուկներն ու պատանիները, անոնց առիթ տալ իրենց աչքով տեսնելու յաղթելու ու պարտուելու միջեւ եղող բարակ գիծը, նեղանալու ու հրճուելու` կացութեան համաձայն, սակայն ապրելու ՀՄԸՄ-ով եւ զայն յաղթական ու բարձր դիրքերու վրայ տեսնելու փափաքով:
Բարեբախտաբար ՀՄԸՄ-ի խումբը կերտեց յաղթանակը, ուրախութեան եւ հպարտութեան լիարժէք պահեր ապրելու առիթ տուաւ փոքրիկ համակիրներուն, որոնք վայրկեան մը իսկ չդադրեցան ծափահարելէ, քաջալերելէ ու երգելէ:
Սակայն կարեւորը յաղթանակը չէ միայն. արդարեւ, ամէն պարագայի եւ բոլոր պայմաններուն մէջ ՀՄԸՄ-ը իսկական յաղթողն էր կիրակի օր, որովհետեւ ունէր նեցուկն ու հաւատքը նոր սերունդի մեծաթիւ ներկայացուցիչներուն, որոնք կոչուած են շարունակելու այս միութեան առաքելութիւնը, բարձր պահելու անոր աւանդը` պասքեթպոլի դաշտերէն ալ շատ անդին ու վեր, որպէսզի միութեան գործը շարունակուի եւ երաշխաւորուի անոր յարատեւումը:
Կեցցէ՛ք մանուկներ ու պատանիներ, դուք նոր յոյսով ու հաւատքով ամրապնդեցիք բոլորը, հրճուանքի ու յուզումի պահեր պարգեւեցիք ամենայն անմեղութեամբ եւ անմիջականութեամբ, վստահեցուցիք, որ ՀՄԸՄ-ը ձեզմով պիտի շարունակէ իր երթը:
Լուսանկաները՝ AvAs photography-ի