Այսօր, երեկոյեան ժամը 21:45-ին Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ուասլ մրցաշարքին գծով Ռիատի – Ուահտէ մրցումը: Երթին, Սուրիոյ մէջ, Ռիատի 96-67 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Դամասկոսի դաշտէն, ուր փայլած էին Ուաէլ Արաքժի եւ ընկերներ: Այս մրցումը պիտի ըլլայ Ուահտէի 4-րդ եւ վերջինը այս խմբակին մէջ, մինչ Ռիատի տակաւին պիտի մրցի Շորթայի դէմ (Իրաք), նոյն դաշտին վրայ, յառաջիկայ հինգշաբթի, ժամը 17:45-ին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ուասլի երկու խմբակներու դասաւորումները` նշելով, որ Ա. խմբակին մէջ ալ տեղի պիտի ունենան վերջին մրցումները յառաջիկայ չորեքշաբթի Նաֆթ (Իրաք) – Շահրտարի Կտկան (Իրան) եւ Սաժես – Իթթիհատ Ահլի Հալէպ (Սուրիա):
Ա. ԽՄԲԱԿ
1.- Շահրտարի Կտկան 10 ԿԷՏ
2.- Սաժես 8 ԿԷՏ
3.- Իթթիհատ Ահլի 7 ԿԷՏ
4.- Նաֆթ 5 ԿԷՏ
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Ռիատի 4 ԿԷՏ
2.- Շորթա 4 ԿԷՏ
3.- Ուահտէ 4 ԿԷՏ


