Վաղը, ժամը 19:00-ին, Անթունիէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Անթունիէի խումբին դէմ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին գծով:
Երթին, Մըզհերի մէջ մեր տղաքը 100-73 արդիւնքով յաղթած էին, եւ վաղը մեր տղոցմէ կը սպասուի հանգիստ յաղթանակ մը եւս, մանաւանդ որ երթի բաղդատմամբ մեր տղաքը շատ աւելի օրինաւոր պասքեթպոլ կը խաղան, եւ օտարներու ալ փոփոխութիւններ կատարուած են եւ միայն Տուէյն Ճեքսընը մնացած տարեշրջանի սկիզբէն:
Այս հագրուանի ամէնէն հետաքրքրական մրցումը կրնայ ըլլալ կիրակի օրուան Սաժես – Պէյրութ մրցումը` Ղազիրի մէջ, հակառակ անոր որ Սաժես վերջերս լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ կրած է 3 պարտութիւն վերջին 4 մրցումներուն, եւ համակիրները «տաքցած» են այս վիճակէն, մինչ Պէյրութ իր կարգին այլ գլխու ցաւեր ունի, ինչպէս` Սերժիօ Տարուիշի վիրաւորուիլը եւ նոր օտարի մը ժամանումը… թէ այս բոլորը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ, կիրակի կէսօրէ ետք կը տեսնենք:
Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 12 մրցումներէ ետք.
1.- Ռիատի 10 յաղթ. 2 պարտ. 22 կէտ
2.- Սաժես 9 յաղթ. 3 պարտ. 21 կէտ
3.- Պէյրութ 9 յաղթ. 3 պարտ. 21 կէտ
4.- Շանվիլ 8 յաղթ. 4 պարտ. 20 կէտ
5.- ՀՄԸՄ 7 յաղթ. 5 պարտ. 19 կէտ
6.- Անդրանիկ 6 յաղթ. 6 պարտ. 18 կէտ
7.- Անթունիէ 5 յաղթ. 7 պարտ. 17 կէտ
8.- Էն. Էս. Էյ. 3 յաղթ. 9 պարտ. 15 կէտ
9.- Հուփս 2 յաղթ. 10 պարտ. 14 կէտ
10.- Մէյրուպա 1 յաղթ. 11 պարտ. 13 կէտ