Կիրակի կէսօրէ ետք, Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ իր արշաւը` 3-րդ դասակարգ բարձրանալու, երբ 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուահտէ Շուֆի դէմ:
Հասան Զաայթեր, Սերժ Օսքեան (2), Ապտըլ Ռահման Սոնտոս, Ժան Փիեռ Սէուտ եւ Իպրահիմ Մուսաուի նշանակեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի անպատասխան կոլերը:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սաֆա Շուիթ, որ իր առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռապիթաթ Ուարտանիէի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի յաղթական երթը շարունակել` արձանագրելով 2-րդ յաղթանակը այս շաբաթավերջին:
Ստորեւ` առաջին հանգրուանի արդիւնքները.
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուահտէ Շուֆ 6-0
Տապըլ Քիք – Ահլի Սարպա 9-0
Հիլալ Նասր – Ռիատի Արամուն 3-2
Ռիատի Սիպլին – Ռաուտա Տըքուանէ 0-1
Սաֆա Շուիթ – Ռապիթաթ Ուարտանիէ 2-3
Բ. հանգրուանի մրցումները.
Ուահտէ Շուֆ – Ռիատի Սիպլին
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուիթ
Ռաուտա Տըքուանէ – Ահլի Սարպա
Ռապիթաթ Ուարտանիէ – Ռիատի Արամուն
Տապըլ Քիք – Հիլալ Նասր


