Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Արզէն:
Վերջին մրցումին նման Սագօ Կէօքկէօզեան նշանակեց մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը, սակայն մրցակիցը, որ Պէյրութի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին հասած էր եւ միայն փենալթիներով պարտուած Լիբանանեան բանակէն, 6 անգամ պատասխանեց, հակառակ անոր որ կարմիր քարտ մըն ալ ստացաւ: ՀՄԸՄ իր 2-րդ կոլը նշանակեց շնորհիւ Հայսամ Մոքրատի:
ՀՄԸՄ-ի մեր տղոց կը մնայ յաղթանակներ արձանագրել Զամալեքի Նօ Լիմիթցի եւ Նուժումի նման խումբերու դէմ, որովհետեւ շատ լաւ պատրաստուած մրցակիցներ են մանաւանդ Լիբանանեան բանակի խումբը` Արզը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Անդրանիկ: ՀՄԸՄ Պէյրութ առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Ֆ. Ք. Պէյրութի, ապա 2 յաջորդական մրցումներ պարտուած Սապիլէն (1-3) եւ Արզէն (2-6), մինչ Անդրանիկ իր առաջին մրցումին յաղթած էր Նօ Լիմփիցի (5-1), ապա պարտութիւններ կրած Արզէն (4-0) եւ Տինամօ Պէյրութէն (1-0):