Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Միութենական Աշխատանքի Օրինակելի Պատգամ Մը

February 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կիրակի, 4 փետրուարի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-Սաժես պասքեթպոլի մրցումին ընթացքին ամբողջ Լիբանանը ականատես դարձաւ աննախընթաց օրինակելի պատկերի մը:

Յաղթականը ՀՄԸՄ¬ի պասքեթպոլի խումբն էր, սակայն յաղթանակի մեծագոյն դափնեկիրը միութենական աշխատանքն էր:

Պատանեկան տարիքի տղաք ու աղջիկներ խուռներամ շարքերով լեցուցած էին դաշտը եւ կը քաջալերէին իրենց խումբը: Բոլորս ուրախացանք եւ հպարտացանք, սակայն կ՛արժէ անդրադառնալ այն կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանքին, որուն արգասիքն էր պարզուած պատկերը:

Պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս, որ պատանի տարիքի տղոց ու աղջիկներու այսպիսի ստուար թիւի մը ապահովումը պատահականութեամբ չ՛ըլլար, այլ ճիգ եւ հետապնդում կ՛ենթադրէ: Միութենական եւ կրթական պատասխանատուներ` կիրակի օրով, իրենց հանգիստը մէկդի դրած, լծուած էին հաւաքական գեղեցիկ աշխատանքի: ՀՄԸՄ-ական, ՀՅԴ պատանեկան միութեանց եւ հայկական վարժարաններու պատասխանատուներ հոն էին եւ աչալուրջ կը հսկէին ընդհանուր հաւաքին:

Պէտք չէ մտահան ընել այն իրողութիւնը, որ աւելի քան 1200 պատանիներու դաշտ փոխադրութիւնը եւ կանոնաւոր վերադարձն ու մրցումի ընթացքին անոնց փոխանցուած պատգամները, կարգ ու կանոնի պահպանումը բաւական ճիգ ու աշխատանք կ՛ենթադրեն:

Թերեւս այս պարզութեամբ կը մատնանշենք, բայց անհրաժեշտ է, որ անդրադառնանք, որ միութենական պատասխանատու մօտեցումը եւ աշխատանքը կենսական են նման ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Յատկանշական է մանաւանդ այն երեւոյթը, որ այսքան մեծ թիւով ծնողներ իրենց զաւակները անվերապահօրէն վստահած էին պատասխանատուներուն, եւ այս մէկը ինքնին յաւելեալ բարենիշ մըն է տուեալ միութեանց:

Հարկ է բոլո՛րս, անկախ մեր ապրած հպարտութենէն, տեսնենք միութենական այս ճիգը, գնահատենք կազմակերպչական աշխատանքը եւ ակնկալենք, որ այսպիսի երեւոյթներ դառնան յաճախակի, որովհետեւ դաստիարակիչ եւ ոգեշնչող այսպիսի նախաձեռնութիւններ կարեւոր են նորահաս սերունդի ազգային դաստիարակութեան համար:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին, որոնք այս աշխատանքի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցան:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Յաջորդը

Ռիատ. «Ուաշինկթընին Յայտնեցինք, Թէ Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Չկան Առանց Պաղեստինի Անկախ Պետութեան Ճանաչման»

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց

January 10, 2026
Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթանակով Սկսաւ Ախոյեանութիւնը

January 10, 2026
Պասքեթպոլ.  Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Վաղը` Հուփս – ՀՄԸՄ

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.