Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Յաղթեց Պրուքլինի Մէջ. Ֆինիքս Յաղթեց Պաքսի

Փետրուար 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քայրի Ըրվինկ, որ տարի մը առաջ լքած էր Նիւ Եորք նահանգը, կարծես տակաւին հոն կ՛ապրէր, եւ երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն գծով Պրուքլինի դաշտին վրայ իր խումբին` Տալաս Մեւրիքսի հետ փայլեցաւ եւ գեղեցիկ ներկայացում մը (շօ) կատարեց իր մանկութեան սիրած Նեթցի համակիրներուն եւ մեծ թիւով բարեկամ-ազգականներու ներկայութեան:

Ըրվինկ նշանակեց 36 կէտ` առաջնորդելով Տալասը 119-107 արդիւնքով յաղթանակի` Պրուքլին Նեթցի դէմ: «Ասիկա որեւէ մրցումի նման մրցում մըն էր ինծի համար», բայց ես ինծի տունը զգացի այսօր», ըսաւ Քայրի, որ ժամանակ տրամադրեց մեծ թիւով համակիրներու բարեւելու եւ ստորագրութիւններ բաժնելու:

Լուքա Տոնչիչ 35 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ էսիսթ մը եւս եթէ կատարէր կրնար թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգել: Տոնչիչ, որ քիթը պաշտպանելու դիմակով մը սկսած էր մրցումը, մէկ կողմ նետեց զայն աւելի հանգիստ խաղալու եւ հեռուէն քանի մը 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:

Ըրվինկ, որ մրցումին սկիզբը կարգ մը համակիրներէ դժգոհութեան «Պու»-եր կը ստանար, 6 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, եւ բոլորը սկսան ծափահարել:

3-րդ մասին Տոնչիչ գնդակը փոխանցեց Ճոշ Կրինի, որ կողովին ուղղութեամբ բարձրացուց զայն, Քայրի սլացաւ այդ գնդակը եւ տանքի միջոցով գեղեցիկ կողով մը նշանակ՛եց: «Սքանչելի էր, շատ զմայլելի», ըսաւ Տոնչիչ Քայրիի տանքին մասին:

Ըրվինկ, որ Վինս Քարթըրէն ետք երկրորդ մարզիկն է (Նեթցի հետ), որ 14 անգամ 40 կէտ կը նշանակէ, քիչ մնաց Պրուքլինի դէմ հասնէր այդ թիւին, 6 մրցում բացակայութենէ ետք վերադառնալէ յետոյ, Ֆիլատելֆիոյ դէմ մրցումին:

Միքալ Պրիճզ 28 կէտ նշանակեց եւ Ռոյս Օ՛նիլ 18 կէտ աւելցուց ի նպաստ Նեթցի, որ 107-101-ի նուազեցուց տարբերութիւնը մրցումի աւարտէն մօտ 5 վայրկեան առաջ, բայց Քայրի անմիջապէս 2 անգամ 3 կէտնոց կողով նշանակեց` 113-101-ի բարձրացնելով արդիւնքը:

«Շատ դժուար է: Քայ աներեւակայելի կարողութիւն ունի որեւէ կողով նշանակելու, ով որ ալ ըլլայ իր դէմ», ըսաւ Նեթցի մարզիչ Ժաք Վոկն:

Արիզոնայի Ֆութփրինթ Սենթըրի մէջ, Ֆինիքս Սանզ 114-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը:

Տեւըն` Պուքըր (32 կէտ) եւ Քեւըն Տիւրենթ (28 կէտ) եղան Ֆինիքսի հերոսները: Սանզ 79-73 արդիւնքով սկսաւ 4-րդ մասը եւս բնաւ ետ չմնաց: Տիւրենթ տանք մը կատարեց ֆաուլի ենթարկուելով եւ նշանակեց ազատ հարուածը 93-80 արդիւնքով յառաջանալով: 4-րդ եւ վերջին մասին, Տիւրենթ 5 յաջորդական կողովներ նշանակեց (14 կէտ) եւ փաստեց, թէ տակաւին լաւագոյններէն է:

Պաքսէն բացակայ էին Տեմիըն Լիլըրտ եւ Պրուք Լուփես, մինչ Քրիս Միտըլթըն առաջին մասին վիրաւորուեցաւ:

Եաննիս Անթեթոքումփօ 34 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Մալիք Պիզլի աւելցուց ի նպաստ Պաքսի, որուն նոր մարզիչ Տոք Ռիվըրզ 5 մրցումներու ընթացքին 4 պարտութիւն կրեց:

Ստորեւ երէկուան արդիւնքները.

Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 124-117
Ֆինիքս Սանզ – Միլուոքի Պաքս 114-106
Շիքակօ Պուլզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 129-123
Պրուքլին Նեթց – Տալաս Մեւրիքս 107-119
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք 121-95
Ինտիանա Փէյսըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 132-129
Նիւ Եորք Նիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 123-113

 

Նախորդը

Փոխան Ափ Մը Հողի. Մարդասէր Բժիշկ, ՀՄԸՄ-ական Ղեկավար, Ազգային Գործիչ Տոքթոր Տիգրան Չափանեանի Մահուան Տասնամեակին Առիթով

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արզ. Կիրակի Օր` Ուահտէ Շուֆ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր.  Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր. Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Նարեկ Գրիգորեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Հայկ Մուսախանեան Կոլ Նշանակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?