Վաղը, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ այս տարեշրջանի բնական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի ելոյթը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Անդրանիկի միջեւ:
Երթին, Անդրանիկի դաշտին վրայ, 57-53 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի աղջիկները ամէն գնով պիտի փորձեն կրկնել իրենց յաղթանակը` աւարտելով տարեշրջանը 14 յաղթանակով` 4 պարտութեան դիմաց, գրաւելով 3-րդ դիրքը:
Համակիրներէն կը սպասուի խուռներամ ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, որոնք յաջորդ հանգրուան կը մեկնին իբրեւ անակնալ խումբ:
Սպասելով ֆետերասիոնի վերջնական որոշումին` փլէյ օֆի ֆայնըլ 8 կամ ֆայնըլ 4 թէ կատարել օտար մարզիկով կամ ոչ: Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը կ՛ուզէ օտարի ներկայութիւնը, մանաւանդ որ Տանիելա Ֆայյատ վիրաւոր է, մինչ Ռիատի չ՛ուզեր օտար մարզիկ աւելցնել փլէյ օֆերուն: