Վերջին Ողիմպիական մրցումներու ֆութպոլի ախոյեան Պրազիլ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Փարակուէյէն, Հարաւային Ամերիկայի ֆայնըլ ֆորի զտումի մրցումներուն:
Պրազիլ, Փարակուէյ, Արժանթին եւ Վենեզուելա կը մրցին այս զտումներուն, եւ լաւագոյն 2 խումբերը պիտի մասնակցին Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի մրցաշարքին:
Ֆապրիցիօ Փերալթա գլխու հարուածով 45-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը` ի նպաստ Փարակուէյի, որ վերջին անգամ 2004-ի Ողիմպիականին մասնակցած էր:


