Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի եւ Անդրանիկի միջեւ: Երթին, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ ՀՄԸՄ կրցած էր 88-72 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ, եւ այսօր վստահաբար պէտք է ՀՄԸՄ-ի տղաքը Անթունիէի մրցումին սխալները չկրկնեն, հանգիստ եւ հանդարտ խաղաով յաղթանակ մը արձանագրելով լաւ օտար մարզիկներով օժտուած Անդրանիկի վրայ: Խմբային խաղով եւ առանց աճապարելու մեր տղաքը առաւելութիւն կ՛ունենան ոեւէ մրցակիցի դէմ:
Ուրբաթ օր Պաապտայի մէջ ՀՄԸՄ դժուար մրցում մը ունեցաւ Անթունիէի դաշտին վրայ եւ յաղթական դուրս եկաւ 83-85 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ որ վիրաւոր մարզիկներէ կը տառապի, 5 հիմնական մարզիկներով դաշտ կը ներկայանայ վերջին քանի մը մրցումներուն` Զեք Լոֆթըն, Տուէյն Ճեքսըն, Ժերար Հատիտեան, Կապրիէլ Աճեմեան եւ Ժատ Խալիլ:
Կերի Չիփչեան եւ Թանիոս Աքիքի վիրաւոր են, մինչ խումբին նոր օտարը` Էմմանուէլ Էկպութա տակաւին չկրցաւ խումբին «մթնոլորտին» վարժուիլ:
ՀՄԸՄ-ի խումբը այս տարի կրնայ շահիլ… առաւելագոյն թեքնիքըլ ֆաուլ շահող խումբի տիտղոսը: Արդարեւ, ունինք բաւական «ջղային» մարզիկներ, որոնք պէտք է քիչ մը աւելի զուսպ կամ զգուշ վարուին դաշտին վրայ: Իրաւարարներու մակարդակը շատ վատ է, բայց ունինք քիչ մը «տաք» տղաք, որոնք կրնան խումբին վրայ գէշ ազդել, հակառակ շատ լաւ խաղցող ըլլալնուն: Օրինակ` ամերիկացի Զեք Լոֆթըն շատ լաւ մարզիկ է եւ առանձին կրնայ մրցումին արդիւնքը փոխել, բայց քիչ մը չափազանց զգացական է եւ շատ կը գանգատի իրաւարարին սխալներուն դէմ: Համակիրներ կը կարծեն, թէ միշտ յանցաւոր կրնայ ըլլալ մարզիկը, բայց շատ անգամ այս գանգատները ճիշդ կ՛ըլլան, երբ իրաւարարը չի նկատեր ֆաուլեր, որոնք միայն վիտէոյի օգնութեամբ կ՛երեւին: Յամենայն դէպս, գանգատէն օգուտ մը չկայ, եւ աւելի լաւ կ՛ըլլայ զուսպ գտնուիլ: Կապրէիլ Աճեմեան իր կարգին շատ լաւ մարզիկ է եւ պաշտպանողական գիծի վրայ մեծ ճիգ կը թափէ: Ան որ միակ խոցելի կէտը կրնայ ըլլալ աւելորդ տօնելը կամ ձեռքի չափազանց ձեւերը, որոնք յաճախ կը դառնան թեքնիքըլ ֆաուլի պատճառ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, ՀՄԸՄ բաւական լաւ սկսաւ զայն: Կապրիէլ Աճեմեան առաջին մասին 8 կէտ նշանակեց, Ժերար Հատիտեան (6 կէտ), Տուէյն Ճեքսըն (5 կէտ) եւ Զէք Լոֆթըն (3 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի 22 կէտերը: Առաջին մասը 22-19 արդիւնքով աւարտեցաւ: Բայց պէտք է ըսել, որ Ժերար Հատիտեան արդէն 2 ֆաուլ ձեռք ձգած էր: Բ. մասին Անթունիէ աւելի լաւ էր` օգտուելով Ժերարի եւ Զեքի բացակայութենէն (Զեք քիչ մը ջղային ըլլալով դուրս նստեցաւ):
Կիսախաղին ՀՄԸՄ 45-43 արդիւնքով: Մինչեւ կիսախաղ Ճեքսըն 13 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր:
ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին շատ լաւ սկսաւ եւ 33-17 արդիւնքով յառաջդիմութիւն մը արձանագրեց: Զէք Լոֆթըն 16 կէտ նշանակեց 3-րդ մասին, Ճեքսըն աւելցուց 8 կէտ, մինչ մրցակից խումբը ամերիկացի Ճորտըն Տէյվիս, որ Ազրպէյճանի ազգային խումբի անդամ է նաեւ, 20 կէտ նշանակած էր մինչեւ 3-րդ մասի աւարտը:
Մրցումին վերջին մասը եղաւ սխալներով հարուստ, ուր մեր մարզիկները բաւական սխալներ գործեցին, վիճեցան իրաւարարներուն հետ եւ 2 յաջորդական թեքնիքըլ ֆաուլերով կրցան մօտենալ ու պահ մըն ալ կէտերով անցնիլ, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքը կրցան վերջին վայրկեանին 2 կէտեր նշանակել եւ պահել առաւելութիւնը` առիթ չտալով մրցակիցին, որ հարուածէ դէպի կողով:
Ժատ Խալիլ եւ Տուէյն Ճեքսըն ամբողջ 40 վայրկեան մասնակցեցան մրցումին: Տուէյն 21 կէտ նշանակեց` կատարելով 10 ռիպաունտ (տապըլ տապըլ) եւ 2 պլոք: Զեք Լոֆթըն 29 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 24 կէտ եւ ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ: Ժերար Հատիտեան 17 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ: Կապրիել Աճեմեան 12 կէտ նշանակեց: Էմանուէլ Էկպութա (4 կէտ), Տանիէլ Պաղտատեան (4 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (3 կէտ, 6 ռիպաունտ, 6 էսիսթ) նշանակեցին մնացեալ կէտերը: Ճիմի Սալեմ եւ Գէորգ Գէորգ մասնակցեցան առանց կէտ նշանակելու: