Այս շաբաթ օր ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Արզի դէմ, Պէյրութի շրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
Իր վերջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ Պէյրութ ամէն գնով պիտի փորձէ յաղթանակ մը արձանագրել Արզի վրայ, որ ՀՄԸՄ-ի նման 1 մրցում յաղթած է, իսկ 2-րդը` պարտուած:
Առաջին երկու հանգրուաններուն յաղթանակներ արձանագրած խումբեր` Լիբանանեան բանակ եւ Սեպիլ պիտի մրցին յաջորդաբար Ֆ. Ք. Պէյրութի եւ Զամալեք Պէյրութի դէմ:
Կիրակի օր, կէսօրուան ժամը 14:00-ին, Նըժմէի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ուահտէ Շուֆ խումբին դէմ, Լեռնալիբանանի Բ. հանգրուանի առաջին շաբթուան մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որ Դ. դասակարգի ամէնէն շատ կոլ նշանակող խումբն է Ա. հանգրուանին` նշանակելով 46 կոլ 6 մրցումներու ընթացքին, պիտի փորձէ իր յաջող երթը շարունակել Բ. հանգրուանի մրցումներուն ալ:
Համակիրներէն կը սպասուի քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մեր զոյգ խումբերը` շաբաթ թէ կիրակի: