Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Կը Մնայ Առաջին

Փետրուար 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին հինգշաբթի գիշեր, եւ «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք, ակնարկ մը կատարենք այն խումբերուն,  որոնք մօտաւորապէս 55 մրցում կատարած են ախոյեանութեան 82 բնական մրցումներէն: Որո՞նք են փլէյ օֆ-ի հասնելիք խումբերուն հաւանական անունները, ո՞ր խումբերը սկսած են բարելաւուիլ կամ նահանջել:

Պոսթըն Սելթիքս կը մնայ առաջին դիրքի վրայ` լաւագոյն արդիւնքները արձանագրելով (43 յաղթանակ եւ 12 պարտութիւն) մինչ Արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը կը գրաւէ  Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, որ 4 մրցումով ետ կը մնայ Արեւելեան շրջանի Սելթիքսէն, այսինքն` 39 յաղթանակ եւ 16 պարտութիւն:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, որ տարեշրջանի սկիզբը շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէր, շատ նահանջած է, մանաւանդ իր թիւ 1 աստղ Ժոել Էմպիիտի բացակայութենէն ազդուած (ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուած): Ֆիլատելֆիա վերջին 10 մրցումներէն միայն 3-ին կրցած է յաղթել, եւ Էմպիիտի բացակայութիւն, Թայրիս Մեքսիի կրնան հսկել 2 մրցակիցներ` նեղի բերելով «Օլ Սթար»-ի երիտասարդ աստղը: Ֆիլատելֆիա կրնայ դժուարութեամբ հասնիլ փլէյ օֆին, եթէ Էմպիիտ ուշանայ վերադառնալու:

Արեւմտեան շրջանին մէջ խումբերու մակարդակները շատ մօտ են իրարու: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ դեկտեմբերի սկիզբէն ամէնէն լաւ արդիւնքները ձեռք կը ձգէ, եւ այժմ 3-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի: Թէ որքա՛ն կը շարունակէ այս ընթացքը, օրերը գիտեն, մանաւանդ որ Քլիփըրզ կրնայ հանգիստ ձգել իր աստղերը վերջին 2 շաբաթներուն` պատրաստուելու փլէյ օֆի: Նոյնն է պարագան ախոյեան Տենվըր Նակեթցի, որ կրնայ մարզիկները հանգստացնել վերջին շաբաթը: Նոյնը կարելի չէ ըսել Մինեսոթայի եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի մասին, որոնք երիտասարդ մարզիկներով հարուստ խումբեր ունին եւ «ծարաւ» են յաղթանակներու, յոյսով, որ առաջին դիրքը գրաւելով իրենց դաշտին վրայ խաղալու առաւելութենէն կրնան օգտուիլ:

Վերադառնալով Արեւելեան շրջան, ուր Միլուոքի Պաքս, որ անցեալ տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող խումբն էր, այս եղանակն ալ բաւական լաւ սկսաւ, բայց մօտ ամիս մը առաջ մարզիչ փոխեց եւ նոր մարզիչ Տոք Ռիվըրզի հետ տակաւին «չքալեց» խումբը, որ վերջին 10 մրցումներէն միայն 3-ին կրցաւ յաղթել:

Անթեթոքումփոյի ներկայութեան որքանո՞վ պիտի կարենան պաշտպանողականը զօրացնել Տեմիըն Լիլըրտի, Պրուք Լոփեսի եւ Քրիս Միտըլթընի գլխաւորութեամբ: Խումբին մարզիչը այդ պատճառով է, որ փոխուեցաւ, այսինքն` պաշտպանողական գիծի տկար ելոյթները: Եթէ Տոք Ռիվըրզ յաջողի իր «սիստեմը» յաջողցնել, Միլուոքի շատ լաւ արդիւնքներ կրնայ քաղել:

Անցեալ ամիս, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրած էր եւ վարի դիրքերը կը գրաւէր, բայց յաջորդական յաղթանակներ զինք աւելի լաւ դիրքի վրայ բարձրացուցին: Այժմ 10-րդ դիրքի վրայ գտնուող, սակայն վերջին 10 մրցումներէն 8-ն յաղթած Սթեֆըն Քըրիի խմբակիցներ Քլէյ Թոմփսըն եւ Էնտրու Ուիկնզ (վեթերաններ) համեմատաբար սկսան աւելի լաւ ելոյթներ ունենալ եւ երիտասարդ մարզիկներ Ճոնաթըն Քամինկա եւ Պրենտըն Փոծիմսքի սկսան փայլելու:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ «Ին Սիզըն» մրցաշարքը շահած էր, այդ մրցաշարքէն օգտուեցաւ «մութ ամպերը քշելու» եւ տարեշրջանը աւելի լաւ շարունակելու: Լըպրոն Ճէյմս եւ Անթոնի Տէյվիս տարեշրջանի սկիզբէն իրենց լաւագոյնը կու տային, սակայն խմբակիցներու մակարդակը շատ պարզ էր, մինչեւ վերջերս, ուր Լէյքըրզ սկսաւ աւելի խմբային ոճով խաղալ, եւ բոլորը սկսան փայլիլ:

Տալաս Մեւրիքս իր կարգին լաւ ձեւով սկսած էր, ապա Քայրի Լըրվինկի եւ Լուքաս Տոնչիչի բացակայութիւններուն պատճառով (վիրաւորուած) բաւական ձախող ելոյթներ ունեցաւ: Այս զոյգին վերադարձով խումբը վերադարձաւ ճիշդ ճամբան, եւ յաղթանակները վերադարձան:

Այս ընթացքով Արեւելեան շրջանի առաջին դիրքը պիտի մնայ կամ կրնայ մնալ Պոսթըն Սելթիքսի, որուն անմիջական մրցակիցները, ինչպէս նշեցինք, հարցեր ունին քայլ պահել անոր հետ Արեւմտեան շրջանը «Տաք մրցակցութիւն» կայ, եւ առաջին դիրքը գրաւող Մինեսոթա Թիմպրվուլվզի եւ 8-րդ դիրքը գրաւող Սաքրամենթօ Քինկզի տարբերութիւնը միայն 7 մրցում է:

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Շահեցաւ «Պէյրութ Բաժակ» Մրցաշարքը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?