Երեքշաբթի օր վերջ գտաւ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի հաւաքականի աղջկանց մասնակից Հռիփսիմէ Խուրշուտեան 36 տարեկանին փակեց նաեւ իր ասպարէզը:
87 քկ կշիռի մասնակից Հռիփսիմէ Խուրշուտեան սովորական ծանրաբարձ չէր, այլ հայկական ծանրաբարձութեան պատմութեան մէջ իր անունը ոսկի տառերով փորագրած մարզիկ մըն էր` դառնալով անկախ Հայաստանի առաջին Եւրոպայի ախոյեանը` 2007-ին, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա), Մելինէ Տալուզեանի հետ: Նոյն տարին Խուրշուտեան դարձած էր նաեւ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեան:
2010-ին Խուրշուտեանի կշիռքը ծանրանալով սկսաւ մրցիլ 75 քիլոկրամէն աւելի բարձր կարգին մէջ: Ան 2012-ին մասնակցեցաւ Լոնտոնի Ողիմպիականին` շահելով պրոնզ մետալ, դառնալով հայ աղջկանց առաջին ներկայացուցիչը, որ ողիմպիական մետալ կը շահէր:
2016-ին, ըստ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին, Խուրշուտեան 11 այլ ծանրաբարձերու հետ ձախողած էր 2008-ին տեղի ունեցած աշխուժացնող դեղերու քննութիւններուն, եւ զայն զրկած էր այդ մետալէն:
Ան 2012-ի ողիմպիական մրցումներէն վերջ ամուսնանալէ ետք հեռացած էր ծանրաբարձութենէն մինչեւ 2023: Երեւանի մէջ անցեալ տարի շահած էր Եւրոպայի պրոնզ մետալը 87 քկ կշիռի մրցումներուն, իսկ քանի մը օր առաջ` Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզ մետալակիր եւ լքեց իր ասպարէզը արցունքներով: