Պայերն Միւնիխ եւ մարզիչ Թոմաս Թուխել փոխադարձ համաձայնութեամբ որոշումի յանգեցան, որ թուխել լքէ իր պաշտօնը այս ամառ, տարեշրջանի աւարտին:
Թուխել, որ մինչեւ 2025-ի ամառ պայմանագրութիւն ունէր Պայերնի հետ, չկրցաւ իր խաղաոճը պարտադրել իր մարզիկներուն վրայ, բան մը, որ պատահեցաւ 2016-ին իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի հետ ալ:
Խումբը բնական մակարդակի ֆութպոլ չէր խաղար վերջերս, սակայն արդիւնքներն ալ այդքան վատ չէին մինչեւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընի դէմ մրցումը անցեալ 10 փետրուարին, ուր Պայերն կրեց 3-0 ծանր պարտութիւն մը: 4 օր ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի պարտութիւնը Իտալիոյ մէջ Լացիօ Ռումայի դէմ աւելի մթնոլորտը խանգարեց, եւ կիրակի օրուան 3-2 արդիւնքով պարտութիւնը Պոխումի դաշտին վրայ գրեթէ վերջ դրաւ Պայերն Միւնիխի «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան շահելու յոյսերուն, եւ նոյնիսկ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս ելլելու ալ յոյսերը աւելցան: Եթէ աւելի մանրամասնութեան երթանք, Պայերն Միւնիխի հարցը միայն մարզիչի հարց չէ: Գերմանական ակումբը տարեշրջանի սկիզբէն մեծ թիւով վիրաւորներ ունի: Շատեր կ՛ապաքինին, քանի մը մրցում ետք կրկին կը վիրաւորուին, եւ մարզիչը ով ալ ըլլայ երբեմն կը մտածէ ո՛ր մարզիկը դաշտ իջեցնել: Մարզիկներ կան, որոնց մակարդակը ելեւէջի մէջ է, եւ անկայուն վիճակն ալ կ՛ամբողջացնէ Պայերն Միւնիխի ներկայ հարցը:
Թէ ո՞վ կրնայ յաջորդել Թուխելին, շատ անուններ մամլոյ մէջ կը նշուին, ինչպէս` Ժոսէ Մուրինիօ, Զինետին Զիտան, Չաւի Ալոնսօ, Հանզի Ֆլիք եւ Եուրկըն Քլոփ: