Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կը Պատահի «Պունտըսլիկա»-ի Մէջ

Փետրուար 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջին Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն համակիրներ զանազան մրցումներու ընթացքին գանգատի շարժումներ կատարեցին ընդդէմ ֆետերասիոնի որոշումին` օտար ներդրողներու մուտքին «Պունտըսլիկա»-ի մէջ:

Արդարեւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշում տուած է ծախել «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները սփռելու իրաւունքներու եկամուտը օտար ներդրողներու, բան մը, որ «կատղեցուցած է» Գերմանիոյ ֆութպոլի համակիրները, որոնք դէմ են որեւէ «օտար» ներդրումի: Նախապէս առիթ պիտի տրուէր օտար ներդրողներու, որ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ նման, ակումբներու մէջ մեծ շահաբաժին ունին, որպէսզի աւելի որակաւոր ակումբներ ունենալու առիթ ընձեռուի` արդիւնք տալու համար Եւրոպայի բաժակներու մրցումներուն («Չեմփիընզ լիկ» թէ «Եուրոփա լիկ»), սակայն  համակիրներ միշտ դէմ կը կենան այդ քայլերուն:

Կիրակի օր, Պայերն Միւնիխ, որ կը մրցէր Պոխումի դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով կը յառաջանար, երբ Պոխումի համակիրներ դաշտ նետեցին Թենիսի գնդակներ` բողոքի կանչեր արձակելով ֆետերասիոնին դէմ: Պայերն Միւնիխ, որ արդէն «լաւ վիճակի մէջ չէ վերջերս, 13 վայրկեան ընդհատումէ ետք մրցումը 2 կոլ ստացաւ: Երկրորդ կիսախաղին անգամ մը եւս թենիսի գնդակներ նետուեցան դաշտ, եւ Պայերնի ձախողութիւնը շարունակուեցաւ, երբ մրցումը շարունակուեցաւ եւ Ուփամեքանօ ստանալէ ետք իր երկրորդ դեղին քարտը արմուկով մրցակիցի մը զարկաւ գլխու հարուած տալու պահուն, եւ փենալթիով Պոխում նշանակեց 3-րդ կոլ մը:

Այլ մրցումի մը` Ֆրանքֆորթ Ֆրայպուրկ, պզտիկ օդանաւեր թռիչք առին դաշտին վերեւ,  իսկ համակիրներ խաղալիքներ նետեցին դաշտ` երկու անգամ ընդհատելով մրցումը:

Նշենք, թէ Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի 2 մրցումներ պարտուեցաւ եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի գծով պարտութիւն մը կրեց Լացիօ Ռոմայէն 8 օրերու ընթացքին, բան մը, որ հետզհետէ աւելի մեծ աղմուկ կը ստեղծէ մարզիչ Թոմաս Թուխելը գործէ արձակելու համար: Պայերնի վարչութիւնը տակաւին կը վստահի Թուխելի` յայտնելով, որ միայն ինք յանցաւոր չէ, եւ բազմաթիւ մարզիկներ անպատասխանատու ընթացքի մէջ են եւ կան վիրաւոր մարզիկներ ալ, որոնք այլ պատճառներ են վերջին անյաջող արդիւնքներու ձեռք բերման: Յամենայն դէպս, կը նշուին անունները այլ մարզիչներու իբրեւ փոխարինող Թուխելի, ինչպէս` Զինետին Զիտան, Չապի Ալոնսօ եւ Հանս Միթըր Ֆլիք:

Նախորդը

Անտրէաս Պրեմէ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?