Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի

February 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռիատի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 84-73

Այսօր ժամը 21:00-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, աղջկանց ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին:

Առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի գիշեր, Մանարայի դաշտին վրայ, ուր Ռիատի 84-73 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի: Մեր աղջիկները քիչ մը ուշ մթնոլորտին մէջ մտան եւ առաջին մասին 25-12 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, կրցան երկրորդ մասը յաղթել 21-15: Պէտք է ըսել, որ մեր օտար մարզիկ Շէյնա Փելինկթըն կրցաւ ֆաուլեր շահիլ եւ վտանգել մրցակից սենթըր Շերին Շրէյֆը, որ արդէն առաջին մասին 3 ֆաուլեր կատարելով շատ չկրցաւ օգնել իր խումբին: Շէյնա, որ 13 ֆաուլ շահեցաւ մրցակից խումբէն, նշանակեց 30 կէտ, կատարելով 6 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ: Նարինէ Կէօքճեան նշանակեց 16 կէտ` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ, Փերլա Պու Նասր 10 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 7 ռիպաունտ, Փաթիլ Ասատուրեան (6 կէտ), Ալիք Թապաքեան (6 կէտ) եւ Տիմա Շահին (5 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի կէտերը:

Մրցակից Ռիատիի օտար մարզիկը` Անճելա Թոմփքինզ 31 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ռեպեքա Աքըլ 18 կէտ նշանակեց եւ 11 էսիսթ կատարեց:

Այսօր, մեր համակիրներու օգնութեամբ կրնանք շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք բերել եւ ստիպել 3-րդ վճռական մրցումի մը: Եթէ համեմատենք տակաւին ամիս մը առաջ Մանարայի մէջ տեղի ունեցած մեր մրցումին հետ, ուր Ռիատի 79-48 արդիւնքով յաղթած էր, մեր աղջիկները Նարինէի եւ Շէյնայի հետ տարբեր մակարդակի պասքեթպոլ կը խաղան:

Մեր բոլոր մարզիկներն ալ իրենց կարելին պէտք է ընեն, որպէսզի առնուազն այսօր յաղթանակ արձանագրենք մեր համակիրներուն ներկայութեան: Կիսաւարտականի միւս մրցումը, որ իրար դէմ կը հանէ Չեմփսը եւ ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, կրնայ ըլլալ ձեւով մը աւելի միակողմանի, հակառակ անոր որ Պէյրութ, որ Տանիելա Ֆայյատը արդէն կորսնցուցած էր (վիրաւոր), ունեցաւ իր երկրորդ վիրաւոր մարզիկը` Միրամար Մոքտատը: Այդ պատճառով ալ մեր եւ Ռիատիի ճակատումի յաղթական խումբը աւելի հաւանականութիւն կրնայ ունենալ գերազանցելու Պէյրութը:

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն

Յաջորդը

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.