Այսօր կ՛աւարտի պասքեթպոլի «Պէյրութի բաժակ» մրցաշարքը, ուր Լիբանան ժամը 17:45-ին կը մրցի Սուրիոյ դէմ` «Կլոպըլ Էքթիւ Սփորթս»-ի կազմակերպութեամբ այս մրցաշարքի վերջին օրուան վերջին մրցումին:
Լիբանան իր առաջին մրցումին 71-68 արդիւնքով յաղթած էր Իրաքի, ապա կիրակի օր իր երկրորդ մրցումին 84-55 արդիւնքով Պաղեստինի: Երկրորդ մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուած էր ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Ժերար Հատիտեան:
Սուրիոյ ազգային խումբը երկու պարտութիւն կրած էր Պաղեստինէն (66-64) եւ Իրաքէն (66-55):
Ժամը 15:30-ին Իրաք պիտի մրցի Պաղեստինի դէմ` նշելով, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի կ՛ունենան Ղազիրի Անթուան Շույէրի անուան դաշտին վրայ:


