Չորեքշաբթի, Անգլիոյ ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը գրաւող Արսենալ Փորթուգալի մէջ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով պարտութիւն մը կրեց Փորթոյէն… 94-րդ վայրկեանին:
Արսենալի մարզիչ Միքել Արթեթա յայտնեց, որ խումբը պիտի սորվի այս արդիւնքէն: Արսենալ տիրապետեց մրցումին, բայց Փորթոյի բերդը չկրցաւ վտանգել լրջօրէն: Այս մրցումը եղաւ Արսենալի առաջինը «Չեմփիընզ լիկ»-ի նաք աութի հանգրուանի 2016-2017 տարեշրջանէն յետոյ 6 տարի բացակայութենէ ետք: Անիկա նաեւ մարզիչ Արթեթայի առաջին մրցումն էր:
«Մենք իրապէս իշխեցինք մրցումին վրայ, բայց աննպատակ ֆութպոլ կը խաղայինք, մանաւանդ Ա. կիսախաղին աւելի կարծր ֆութպոլ, յաւելեալ գիծերու ճեղքում` յառաջանալու եւ ճնշելու իրենց պաշտպանողական գիծին վրայ», յայտնեց Արթեթա: «Երկրորդ կիսախաղին աւելի լաւ բաներ ըրինք, բայց ստեղծագործութեան պակաս կար: Պիտի սորվինք այս մրցումէն»: «Վերջին գնդակն էր… Եթէ 94 վայրկեան չունէինք բաւարար փորձառութիւն… Քիչ մը դատելը լաւ չէ, բայց ճիշդ է, որ այդ պատճառով տեսանք արդիւնքը»:
Այժմ Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Նիւքեսըլը շաբաթ օր եւ դարձի մրցումին պիտի հիւրընկալէ Փորթոն 12 մարտին: