Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Մրցանիշներով Հարուստ Մրցումէ Մը Ետք Արեւելք-Արեւմուտք` 211-186

February 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.» կ՛ուզէր մրցակցութիւն «Օլ Սթար» մրցումին, շատ կէտեր նշանակուեցան անգամ մը եւս յարձակողականը շահելով:

Արեւելեան շրջանին աստղերը 211-186 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Արեւմտեան շրջանի աստղերուն դէմ. յաղթական խումբը 73 տարուան պատմութեան առաւելագոյն կէտերը նշանակեց: Նախկին մրցանիշը 196 կէտ էր` ի նպաստ Արեւմտեան խումբին, 2016-ին:

«Հաճելի էր», ըսաւ Արեւելեան խումբի խմբապետ Եաննիս Անթիթոքումփօ (Միլուոքի Պաքս): Կէտերու ընդհանուր հաշիւը` 397, իր կարգին մրցանիշ էր, որ բարելաւեց 2017-ին արձանագրուած 374 կէտերուն մրցանիշը, մինչ Արեւելեան խումբը 42 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, բարելաւելով նախկին 35 յաջող 3 կէտնոց կողովներու մրցանիշը, որ արձանագրած էր Լըպրոնի խումբը` 2019-ին:

Երկու խումբերը կիսախաղին 193 կէտեր նշանակած էին միասնաբար, այսպիսով բարելաւուեցաւ անցեալ տարուան 191 կէտերու մրցանիշը:

«Օլ Սթար»-ի «Էմ. Վի. Փի.» (լաւագոյն մարզիկ) ընտրուեցաւ Տեմիըն Լիլըրտ (Միլուոքի Պաքս), որ 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Արեւելեան խումբին, մինչ Ճէյլըն Պրաուն (Պոսթըն Սելթիքս) աւելցուց 36 կէտ եւ Թայրիւ Հելիպըրթըն իր Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ նշանակեց 32 կէտ:

«Այս ձեւի կատարելագործութիւն մը շատ յստակ էր, ըսաւ Լիլըրտ: Աւելի «շուքի մէջ» մնաց Արեւմտեան խումբի Քարլ-Անթոնի Թաունչը (Մինեսոթաթիմպըր-Վուլվզ), որ 50 կէտ նշանակեց 28 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր (Օքլահոմա Սիթի Թանտըր) 31 կէտ աւելցուց ի նպաստ Արեւմտեան շրջանի խումբին:

Արեւելեան խումբի հարուածները աներեւակայելի էին, դժուար թէ կրնաս պաշտպանել, երբ մրցակիցը 10-12 մեթր հեռուէն կը նետէ գնդակը», ըսաւ Արեւմտեան շրջանի աստղերէն Քեւըն Տիւրենթ:

Արեւմտեան խումբը իր կարգին շատ կէտեր նշանակեց: 186 կէտեր 4-րդ ամէնէն շատ կէտերն են «Օլ Սթար»-ի մրցումի պատմութեան եւ վստահաբար ամէնէն շատը` պարտուած խումբի մը համար:

Շատ յիշատակելի պահեր կային մրցումի ընթացքին: Լիլըրտ 3-րդ մասին դաշտին կէսէն նշանակեց 3 կէտնոց կողով մը: Լուքա Տոնչիչ 22 մեթրէ փորձեց նշանակել… Թաունչ ալէյ-ուփ մը նետեց Սթեֆըն Քըրիի, որ տանքի փոխարէն ներս զետեղեց պարզապէս:

4-րդ մասին միակ նպատակը մրցանիշն էր, որ արդէն կասկած չկար, որ պիտի բարելաւուի: Արեւելեան շրջանի խումբը արդէն 160 կէտ նշանակած էր 3 մասերուն եւ պէտք ունէր 37 կէտերու` բարելաւելու համար մրցանիշը:

Պրաունի 3 կէտերը Արեւելեան խումբը հասցուցին 197-ի, մրցումի աւարտէն 1:54 վայրկեան առաջ: Հելիպըրթըն արդիւնքը հասցուց 200-ի` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան նոր մրցանիշի մը, որուն երբեք չէ հասած որեւէ խումբ, մրցումի աւարտէն 1:27 վայրկեան առաջ: Լիլըրտ 13 մեթրէն փակեց կէտերու հաշիւը` նշանակելով 11-րդ 3 կէտնոց կողովը: «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3 կէտի սահմանը 7 մեթր է, բայց Լիլըրտ կը նախընտրէ հեռուէն հարուածել:

Տիւրենթ ըսաւ, «Քուայ Լենըրտի հետ նստած դուրսէն կը դիտէինք Լիլըրտը եւ ապշած էինք»:

Մասնաւոր պաշտպանութիւն չկար, եւ կը նմանէր կէտ նշանակելու փորձի մը, ուր համակիրները վայելեցին կէտերը եւ կողովները:

Լըպրոն Ճէյմս` Արեւմտեան խումբի խմբապետը, որ իր 20-րդ «Օլ Սթար» մրցումին կը մասնակցէր, ըսաւ. «Լաւ բանը այդ էր այսօր, որ որեւէ մարզիկ չվիրաւորուեցաւ: Բոլորն ալ ապահով մնացին»: Անշուշտ մրցանիշները ապահով չէին…

 

Նախորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Համերգով Նշեց Իր Հիմնադրութեան 50-Ամեակը

Յաջորդը

Եւրոպայի «Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Փսվ Այնտհովըն – Տորթմունտ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ  Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթանակով Սկսաւ Ուասլի «Ֆայնըլ 8»-ը

September 28, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանին, Բայց Պարտուեցաւ Ուզպեքիստանէն

September 28, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի Երրորդ Նաք-Աութը. Հայ Մարտիկներ 11 Յաղթանակներ Արձանագրեցին

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.