Լիբանանի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի շրջանի Բ. հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին, երբ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Նըժմէի դաշտին վրայ կը մրցի Ռիատի Արամունի դէմ:
Ռիատի Արամուն, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի հետ նոյն խմբակէն անցած էին Բ. հանգրուան, միակ խումբը եղած էր, որ պարտութեան մատնած էր մեր տղաքը, երբ արդէն զոյգ խումբերն ալ ապահոված էին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Ռիատի Արամուն Բ. հանգրուանին երկու մրցումներէն միայն 1 կէտ կրցած է շահիլ եւ շատ վճռական ձեւով պիտի խաղայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց դէմ: Մեր տղաքը անշուշտ ասիկա գիտեն, եւ իրենց կարգին պիտի տան իրենց 100 տոկոսը` 3 կէտ խլելու, քայլ պահելու համար Տապըլ Քիքի եւ Ռաուտա Տըքուանիէի հետ, որոնք մեր տղոց նման 6 կէտ ունին առաջին 2 մրցումներէն:
Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան յայտագիրը.
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Ժամը 12:00-ին, ՊՀամտունի դաշտ, Ռաուտա Տըքուանէ – Հիլալ Նասր
Ժամը 14:00-ին, Անսարի դաշտ, Ուահտէ Շուֆ – Սաֆա Շուիթ
Ժամը 14:30-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտ, Սիպլին Ռիատի – Ահլի Սարպա
Ժամը 14:30-ին, Պհամտունի դաշտ, Ռապիթաթ Ուարտանիէ – Տապըլ Քիք
Ժամը 15:00-ին, Նըժմէի դաշտ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Արամուն
Ինչպէս նշեցինք, Տապըլ Քիք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Ռաուտա Տըքուանէ 6-ական կէտեր ունին, Ռապիթաթ Ուարտանիէ` 4 կէտ, Ռիատի Սիպլին եւ Հիլալ Նասր` 3-ական կէտ, Ռիատի Արամուն` 1 կէտ, իսկ Սաֆա Շուիթ, Ուահտէ Շուիթ եւ Ահլի Սարպա տակաւին կէտեր չունին: