Այսօր ժամը 21:00-ին, Մանարայի «Սայէպ Սալամ» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի ըլլան հիւրը` Ռիատիի, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին մրցումին:
Երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, Մըզհերի մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ», մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ» ժամը 21:00-ին:
Եթէ խումբերը հաւասարին, 3-րդ մրցում մը պիտի ըլլայ վճռական, շաբաթ օր Մանարայի մէջ:
Նշենք, համակիրները միայն իրենց դաշտին վրայ կրնան ներկայ ըլլալ իրենց խումբը քաջալերելու, այսինքն` այսօր միայն Ռիատիի համակիրներ կրնան մտնել դաշտ, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրները հինգշաբթի օր կրնան Մըզհերի մէջ քաջալերել մեր աղջիկներու խումբը, որ ձեռք ձգեց քանատացի Շայնա Փելինկթընը կիսաւարտականի այս մրցումներուն:
Օտար մարզիկ մը առիթ կրնայ տալ կիսաւարտականի 4 խումբերով, որոնք իրար դէմ մրցած են նախապէս լիբանանցիներով:
Ռիատի իր կարգին ձեռք ձգած է օտար մարզիկ մը` ամերիկացի Անճելա Թոմփքինզ, որ Թուրքիոյ մէջ կը խաղար վերջերս: Ռիատի վերադարձած է նաեւ նախկին մարզիկ Լամա Մոքատտեմ, որ Տուպայ կը մնար:
ՀՄԸՄ-ի աղջիկներէն կը սպասուի իրենց առաւելագոյնը տալ դաշտին վրայ եւ պայքարելով 40 վայրկեան անակնկալի բերել համեմատաբար «դանդաղ» Ռիատին: Մեր երիտասարդ եւ արագ խումբին խաղաոճը կրնայ ըլլալ «բանալին»` հասնելու աւարտականին: