«Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ չորեքշաբթի օր 26-րդ հանգրուանի մրցումը կանուխ կատարեց, որպէսզի կիրակի օր մասնակցի Չելսիի դէմ «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի աւարտականին: Անգլիոյ լիկայի բաժակը, որ Քուրապա բաժակ ալ կը կոչուի, պիտի ըլլայ վճռական Լիվըրփուլի համար, որ հարուստ է… վիրաւորներով:
Գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, որ բնաւ նախանձելի չէ խումբին վիճակը:
Լիվըրփուլ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիւթընը, բայց խումբին կէսը վիրաւոր է:
Բերդապահ Ալիսոն Պելըր փորձի ժամանակ վիրաւորած էր իր մկանը, եւ յստակ չէ, թէ որքա՛ն պիտի բացակայի:
Տիոկօ Ճոթա եւ Ժոել Մաթիփ երկար ժամանակով վիրաւորուած են եւ ամիսէ մը աւելի կ՛ուզեն վերադառնալու փորձերու: Տարուին Նունիես ցաւ ունէր եւ Լիւթընի դէմ չներկայացաւ դաշտ, Քըրթիս Ճոնզ մկանի կապի ցաւ ունի եւ յստակ չէ, թէ ե՛րբ կրնայ վերադառնալ:
Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ եւ Տոմինիք Ապոսլայ սկսած են անձնական փորձերու, բայց ոչ տակաւին խմբային փորձերու… Թիակօ Ալքանթարա, Սթեֆան Պայչեթիչ եւ Պեն Տոք ժամանակ կ՛ուզեն միանալու խմբային փորձերուն: