Երեքշաբթի գիշեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան, եւ անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթեր Միլան 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտին դէմ:
Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցած Այնտհովըն-Տորթմունտ մրցումին, Տորթմունտ 1-0 արդիւնքով յառաջացած էր 24-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Տոնիել Մալենի կոլին, սակայն 56-րդ վայրկեանին իրաւարարը փենալթի սուլեց գերմանացի վեթերան Մաթց Հումըլզի «կակուղ» թաքըլէն ետք, որ նախ գնդակին դպած էր (ոտքով անշուշտ): Ան «Թուիթըր»-ի (այժմ` «Էքս») վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. ««Թիութըր» կը սպասէ, «Թուիթըր» կը ստանայ: Ի՞նչ կատակ փենալթի մը մեր դէմ:
Անգամ մը եւս… չեմ հաւատար, որ այս ձեւի որոշումներ կրնան տրուիլ այսօրուան նման, կամ Չելսիի դէմ կամ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ ՎԱՐ-ի հետ»:
Պէտք է ըսել, որ իրաւարարը չուզեց նայիլ անգամ դաշտին մօտ ՎԱՐ-ի վիտէոյին, ուր կրնար հաստատել իր որոշումը, եթէ ճիշդ էր, թէ ոչ:
Նոյնիսկ մրցումի խօսնակ կամ հիւր լրագիրներ զարմացած մրցումին աւարտին յայտնեցին նոյն բանը, թէ իրաւարարը բնականօրէն պէտք էր ուղղուէր դաշտի կեդրոնը` մուտքին զետեղուած պաստառին վիտէոյով հաստատելու իր վերջնական որոշումը:
Տորթմունտ աւելի լաւ վիճակի մէջ էր առաջին կիսախաղին, բայց Բ. կիսախաղին համեմատաբար աւելի պաշտպանողական խաղ ցուցաբերեց:
Վերադառնալով Ինթեր Միլան – Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին, Ինթեր Միլան շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ, քան Աթլեթիքօ Մատրիտ, սակայն մրցումին աստղ սլովենիացի բերդապահ Եան Օպլաք շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` զսպելով 2 ստոյգ կոլեր:
Ինթեր Միլանի յառաջապահ Մարքուս Թիւրամ 45-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Մարքօ Առնաութովիչով, որ կրցան նշանակել մրցումի միակ կոլը 79-րդ վայրկեանին: