Այսօր կը շարունակուի Եու. Է. Էֆ. Ա.ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք անցեալ շաբաթ սկսած էին:
Անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադաձած էր Քոփենհակընի դաշտէն, իսկ Ռէալ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձած էր Լայփցիկի դաշտէն:
Օր մը ետք, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Ռէալ Սոսիետատի, մինչ Պայերն Միւնիխ 1-0 արդիւնքով պարտուած վերադարձած էր Լացիօ Ռոմայի դաշտէն:
Այսօր ժամը 22:00-ին, անցեալ տարուան
փոխախոյեան Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, մինչ Նետերլանտներու մէջ Այնտհովըն պիտի հիւրընկալէ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտը:
Վաղը Փորթուգալի մէջ Փորթօ պիտի հիւրընկալէ Լոնտոնի Արսենալը, մինչ Նափոլի Իտալիոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ Պարսելոնան:


