Մարզական

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ` 4-0

Երէկ Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը 4-0 արդիւնքով «հանգիստ» յաղթանակ մը արձանագրեցին Ռաուտա Տըքուանէի դէմ: Մրցումը շատ գեղեցիկ չէր, որովհետեւ մրցակիցը այդ լաւ խումբը չէր, կամ աւելի ճիշդ է ըսելը` մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի տղաքը շատ աւելի կազմակերպուած են բաղդատմամբ կարգ մը մրցակիցներու: 7-րդ վայրկեանին, մրցակից յետսապահ մը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց առաջին կոլը: Բ. կիսախաղի...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց` 2-1

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց` 2-1

Երէկ Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով ՀՄԸՄ Պէյրութ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նօ Լիմիթց խումբը: Համեմատաբար դիւրին մրցում մըն էր, եւ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով յառաջացած էր շնորհիւ Մաթէօ Մատիի եւ Հասանի կոլերուն, բայց մրցումի աւարտէն քիչ առաջ մրցակիցը կոլ մը նշանակեց: Այս մրցումը բաւական ուշ սկսաւ` նկատի ունենալով, որ նոյն դաշտին վրայ Արզ-Տինամօ Պէյրութ մրցումը կիսատ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տոնչիչ Նոր Մրցանիշ Մը Ձեռք Ձգեց

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Նոր Մրցանիշ Մը Ձեռք Ձգեց

Լուքա Տոնչիչ երէկ առաւօտ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաջին մարզիկը, որ յաջորդական 6 մրցումներու ընթացքին 30 կէտերէ աւելի նշանակելով թրիփըլ տապըլ կ՛իրագործէ: Տոնչիչ 39 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ 142-124 արդիւնքով մրցումի ընթացքին: Տալաս Մեւրիքսի սլովենիացի աստղը յաջորդական 5-րդ մրցումը ըլլալով 35 կէտերէ աւելի կը նշանակէ (անձնական մրցանիշ): Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ ըսաւ. «Ասիկա...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին. Պերմըն` 7-րդ

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին. Պերմըն` 7-րդ

Շաբաթ օր, Ժետտայի Քորնիշ շրջավազքին վրայ, Մաքս Վերշթափըն շահեցաւ այս տարուան իր յաջորդական 2-րդ կրան փրին` 50 շրջան կատարելէ ետք 1 ժամ 20 վայրկեան եւ 43.273 երկվայրկեանի ընթացքին: Ան 13 երկվայրկեանի առաւելութիւն ունէր իր խմբակից Սերխիօ Փերեսի վրայ, մինչ Շարլ Լըքլեր (Ֆեռարի), որ 2-րդ դիրքէն սկսած էր մրցումը, գրաւեց 3-րդ դիրքը: Լըքլերի խմբակից Քարլոս Սայնց չմասնակցեցաւ այս շաբաթավերջին տեղի ունեցած...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի` 1-1

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի` 1-1

Երէկ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին Լիվըրփուլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Սիթի շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Ճոն Սթոնզի: 50-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլ փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Ալեքսիս Մաքալիսթըրի, որմէ ետք Լիվըրփուլ տիրապետեց, սակայն չկրցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը: Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ 3-րդ դիրքը գրաւող Արսենալ, որ օր մը առաջ կրցած էր...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Վաղը ժամը 15:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Բ. հանգրուանի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով: Իրենց նախկին չորս մրցակիցներուն յաղթած Պուրճ Համուտի տղաքը նոյն թափով պէտք է շարունակեն իրենց ընթացքը խումբի մը դէմ, որ առաջին հանգրուանին որեւէ պարտութիւն չէր կրած: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը տակաւին ունին 5 մրցակից, եւ առաւելագոյն կէտերը խլելով կը յառաջդիմեն յաջորդ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց

Վաղը ժամը 16:00-ին ՀՄԸՄ Պէյրութ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին գծով պիտի մրցի Նօ Լիմիթց ակումբին դէմ: Նօ Լիմիթց կը գրաւէ 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը, եւ մեր տղոցմէ կը սպասուի առաւելագոյն ձեւով կեդրոնացած դաշտ ներկայանալ եւ աւարտականի նման պայքարիլ 3 կէտերը ամէն գնով ձեռք բերելու: 90 վայրկեան անընդհատ պայքարիլ, ճնշել մրցակիցին վրայ եւ օգտուիլ անոր սխալներէն կոլ նշանակել: Ստորեւ` 7-րդ...

«Եուրոփա Լիկ».  Լիվըրփուլ Եւ Ռոմա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ». Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի

Վաղը ժամը 17:45-ին տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ այս տարեշրջանի ախոյեանը վճռող մրցումը` Լիվըրփուլի եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ: Լիվըրփուլ, որ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 1 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Սիթիի վրայ, այս տարի (2024-ին) 15 մրցում կատարած է, անցեալ 4 փետրուարին պարտութիւն մը կրած է Արսենալէն (3-1) եւ 13 մրցումներ յաղթած` հաւասարելով մրցում մը: Սիթի 13 մրցում կատարած է` յաղթելով 12 մրցումի...

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ».  Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Ռոմա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Լիվըրփուլ 5-1 արդիւնքով վերադարձաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Սփարթա Փրակայի դէմ կատարուած մրցումէն, սակայն մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, թէ մրցումին արդիւնքը շատ աւելի լաւ էր, քան մրցումը: Արդարեւ, ըստ մարզիչ Քլոփի, մրցակից խումբը շատ վտանգաւոր հակայարձակումներ կը կատարէր, եւ Լիվըրփուլը փրկած էր պահեստի բերդապահ Քաոմին Քելեհըր, ինչպէս նաեւ յառաջապահ Տարուին Նունիես, որ քիչ առիթներով կոլեր նշանակեց: Լիվըրփուլ, որ արդէն վիրաւորներով...

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Թոմաս Թուխելին

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Թոմաս Թուխելին

2 շաբաթ առաջ յայտարարուեցաւ, որ Պայերն Միւնիխի մարզիչ Թոմաս Թուխել, համաձայնութեամբ Պայերնի տնօրէնութեան հետ, այս ամառ պիտի հեռանայ միւնիխեան ակումբէն: Թէ ո՞վ պիտի յաջորդէ Թուխելին, լուրջ հարց է, մանաւանդ որ Թուխելի ձախող ընթացքէն վրդոված են շատ մը մարզիկներ եւ կ՛ուզեն լքել ակումբը: Այդ մարզիկներու շարքին են Եոշուա Քիմիչ, Ալֆոնսօ Տէյվիս, Մաթայս Տը Լիխթ, Սերժ Կնապրի, Լէոն Կորեցքա, Տայօ Ուփամեքանօ, մինչ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթոնի Էտուըրտս Կը Նշանակէ 44 Կէտ Եւ Հերոսական Պլոք` Վերջին Երկվայրկեանին

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտս Կը Նշանակէ 44 Կէտ Եւ Հերոսական Պլոք` Վերջին Երկվայրկեանին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ինտիանափոլիսի մէջ Անթոնի Էտուըրտս նշանակեց 44 կէտ եւ կատարեց վճռական պլոք մը` վերջին երկվայրկեանին յաղթանակը նուիրելով իր խումբին` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի, 113-111 արդիւնքով: Ինտիանա Փէյսըրզ, որ իր դաշտին վրայ կը խաղար, չկրցաւ օգտուիլ Մինեսոթայի սենթըրի` Քար-Անթոնի Թաունզի բացակայութենէն, մինչ Մինեսոթա գրաւեց Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը: Արդարեւ, արդիւնքը 113-111 էր, երբ գնդակը հասաւ Ինտիանայի մարզիկ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Ռիատի` 81-108

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` 81-108

Չորեքշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը Մըզհերի մէջ բաւական դժուար մրցում մը ունեցան Ռիատիի դէմ եւ 81-108 արդիւնքով զիջեցան Լիբանանի ախոյեանին: Մրցումը սկսաւ երկու կողմէն յարձակումներով, եւ առաջին երկու մասերուն սուր պայքար կար` 24-25 եւ 20-18, եւ մինչեւ կիսախաղ ՀՄԸՄ 1 կէտի առաւելութիւն ունէր: Բ. կիսախաղը բոլորովին տարբեր էր: Արդարեւ, Ռիատի շատ աւելի լաւ սկսաւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիփըրզ Պարտութեան Մատնեց Հիւսթընը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Պարտութեան Մատնեց Հիւսթընը

Հիւսթընի մէջ երէկ հետաքրքրական մրցումի մը Հիւսթըն Ռոքեթց մօտ 3 մասեր յառաջանալէ ետք 4-րդ մասին յանձնուեցաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ: Արդարեւ, Հիւսթըն մինչեւ երրորդ մասի վերջին 3 մասերը յառաջ ունեցած էր, բայց Քլիփըրզ` գլխաւորութեամբ Քուայ Լենըրտի, առաջին անգամ ըլլալով անցաւ եւ մինչեւ մրցումին աւարտը յառաջ մնաց: Հիւսթըն 20 կէտի առաւելութիւն մը ունէր մրցումի առաջին մասին, բայց Քլիփըրզ մանաւանդ 4-րդ մասին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Սիթի Եւ Մատրիտ Հասան Քառորդ Աւարտական

«Չեմփիընզ Լիկ». Սիթի Եւ Մատրիտ Հասան Քառորդ Աւարտական

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն դարձի երկրորդ օրուան մրցումներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոփեն Հակընը եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Աքանճի, Ալվարես եւ Հաալանտ նշանակեցին Սիթիի 3 կոլերը: Վերջինս երթին ալ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Դանիոյ մէջ: Միւս մրցումին, Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լայփցիկի հետ եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Վինիսիըս Ճունիոր 65-րդ վայրկեանին...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պարսելոնա – Մայորքա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պարսելոնա – Մայորքա

Այսօր կը սկսին «Լա Լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ Պարսելոնա Քաթալոնիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մայորքան: Պարսելոնա 58 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Մայորքա 27 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Պարսելոնայէն կը բացակային Փետրի, Ֆրենքի Տը Եոնկ, Կաւի, Պալտէ եւ Ալոնսօ վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով, մինչ Արաուխոյի դեղին քարտերը անցած են սահմանը, եւ ան պիտի բացակայի...

«Ֆորմիւլա 1»  Վաղը` Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1» Վաղը` Սէուտական Արաբիոյ Կրան Փրին

Ժամանակը հասած է այս տարուան երկրորդ կրան փրիին, որ տեղի կ՛ունենայ Ժետտայի Քորնիշ շրջավազքին վրայ (Սէուտական Արաբիա): Շրջավազքը ունի շատ արագ դարձուածքներ, բան մը, որ վարորդէն շատ կը պահանջէ զգուշութիւն եւ վարպետութիւն: Աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ վերջին երեք տարիներու աշխարհի ախոյեանն է, տարեշրջանը լաւ սկսած էր անցեալ շաբաթ օր շահելով Պահրէյնի կրան փրին, երէկ առաջին փորձերուն գրաւեց առաջին դիրքը:...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի  Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Այս կիրակի ժամը 15:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Ռաուտա Տըքուանէի դէմ, Բ. հանգրուանի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր 4 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց, եւ կը սպասուի, որ մեր տղաքը շարունակեն իրենց «կարգապահ ֆութպոլը» եւ ամբողջական նուիրումով պայքար մղեն կիրակի օր մրցակիցի մը դէմ, որ Ա. հանգրուանին որեւէ պարտութիւն չէր կրած եւ հաւասարութիւն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի  Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց

Այս կիրակի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի գծով պիտի մրցի Նօ Լիմիթց ակումբին դէմ: Նօ Լիմիթց կը գրաւէ 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը եւ 1 կէտ ունի հաւասարելով Տինամօ Պէյրութի հետ, որ այս տարեշրջանի 6 հանգրուաններուն տեղի ունեցած 30 մրցումներուն միակ հաւասարութիւնն էր: Մեր տղոցմէ կը սպասուին 3 կէտեր խումբէ մը, որ ամէնէն շատ կոլ ստացող խումբն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ֆինիքսի Կարեւոր Յաղթանակը` Տենվըրի Մէջ

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքսի Կարեւոր Յաղթանակը` Տենվըրի Մէջ

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Ֆինիքս Սանզ 117-107 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ: Սանզ աւելի քիչ թըրն օվըր կատարեց, Քան Տենվըր, ինչ որ պասքեթպոլին մէջ շատ կարեւոր բան մըն է: Ֆինիքս պահ մը 22 կէտի առաւելութիւն ունէր անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Տենվըրի վրայ, բայց Բ. կիսախաղին Նակեթց աւելի լաւ էր եւ կրցաւ հաւասարիլ 48-րդ վայրկեանին: Քեւըն...

«Եուրոփա Լիկ».  Տը Ռոսի Ա. Էս. Ռոման Վերածեց Յարձակողական Ուժի

«Եուրոփա Լիկ». Տը Ռոսի Ա. Էս. Ռոման Վերածեց Յարձակողական Ուժի

Երբ Ա. Էս. Ռոմայի նախկին խմբապետ Տանիելէ Տը Ռոսի յունուարին նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ` փոխարինելով Ժոսէ Մուրինիոն, համակիրները զբաղած էին ցոյցեր կազմակերպելով Մուրինիոյի վտարումին դէմ: Վերջինս խումբը 2 յաջորդական տարիներ «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական հասցուցած էր: Տը Ռոսի, որ 6 ամսուան համար ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած էր, պարզապէս «բացը» գոցելու համար էր, մինչեւ Ռոմայի որոշումը հիմնական եւ փորձառու մարզիչ մը նշանակելու մինչեւ ամառ:...

Page 220 of 1281 1 … 219 220 221 … 1,281

Արխիւներ