Ժամանակը հասած է այս տարուան երկրորդ կրան փրիին, որ տեղի կ՛ունենայ Ժետտայի Քորնիշ շրջավազքին վրայ (Սէուտական Արաբիա):
Շրջավազքը ունի շատ արագ դարձուածքներ, բան մը, որ վարորդէն շատ կը պահանջէ զգուշութիւն եւ վարպետութիւն:
Աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն, որ վերջին երեք տարիներու աշխարհի ախոյեանն է, տարեշրջանը լաւ սկսած էր անցեալ շաբաթ օր շահելով Պահրէյնի կրան փրին, երէկ առաջին փորձերուն գրաւեց առաջին դիրքը: Անցեալ տարի Վերշթափընի խմբակից Սերճիօ Փերես շահած էր Սէուտական Արաբիոյ կրան փրին 5 երկվայրկեանի առաւելութեամբ իր խմբակիցին վրայ, մինչ Ասթոն Մարթինի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ գրաւած էր 3-րդ դիրքը:
Ալոնսօ երէկ առաջին 8 փորձերուն գրաւած էր 2-րդ դիրքը, մինչ Փերես` 3-րդ:
Մերսետեսի լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Ճորճ Ռասըլ (4-րդ), մինչ Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր չնչին առաւելութիւն մը ունենալով իր խմբակից Քարլոս Սայնցի վրայ գրաւեց 5-րդ դիրքը: Հիմնական մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը ժամը 19:00-ին, մինչ այսօր նոյն ժամուն (19:00-ին) տեղի կ՛ունենայ զտումի մրցումը, որուն լոյսին տակ կը գիտնանք վաղուան փոլ փոզիշընէն (առաջին դիրքի) սկսող վարորդը եւ անոր յաջորդող վարորդները: