Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եուրոփա Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Ռոմա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

March 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիվըրփուլ 5-1 արդիւնքով վերադարձաւ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ Սփարթա Փրակայի դէմ կատարուած մրցումէն, սակայն մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, թէ մրցումին արդիւնքը շատ աւելի լաւ էր, քան մրցումը: Արդարեւ, ըստ մարզիչ Քլոփի, մրցակից խումբը շատ վտանգաւոր հակայարձակումներ կը կատարէր, եւ Լիվըրփուլը փրկած էր պահեստի բերդապահ Քաոմին Քելեհըր, ինչպէս նաեւ յառաջապահ Տարուին Նունիես, որ քիչ առիթներով կոլեր նշանակեց:

Լիվըրփուլ, որ արդէն վիրաւորներով «հարուստ» է, մրցումի պահուն կորսնցուց նաեւ Ճօ Կոմեսը, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ:

Կեդրոնի պաշտպան Քոնաթէ իր կարգին փոխարինուեցաւ իբրեւ նախազգուշութիւն` թեթեւ ցաւ ունենալուն պատճառով:

Ալեքսիս Մաքալիսթըր, Տարուին Նունիես (2), Լուիս Տիաս եւ Տոմինիք Սոպուլայ նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը, մինչ Սփարթայի կոլը նշանակեց Քոնըր Պրետլի (սխալմամբ իր բերդին մէջ):

Իտալիոյ մէջ, Ա. Էս. Ռոմա 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Անգլիոյ Պրայթընը, շնորհիւ Փաուլօ Տիպալայի, Ռոմելու Լուքաքուի, Ճիանլուքա Մանչինիի եւ Պրայըն Քրիսթանթէի կոլերուն:

Պրայթըն այնքան վատ ելոյթ չունեցաւ, բայց ըստ մարզիչ Տը Զերպիի, խումբը փորձառութիւն չունէր Ռոմայի նման:

Գերմանիոյ ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածու Պայեր Լեւերքուզըն դժուար մրցում մը ունեցաւ Ազրպէյճանի մէջ, ուր 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Բ. կիսախաղին Ֆլորիան Վիրց (70-րդ վայրկեան) եւ Փաթրիք Շիք (92-րդ վայրկեան) կոլեր նշանակելով հաւասարութեամբ աւարտեցին Ղարաբաղի դէմ մրցումը:

Գերմանիոյ մէջ, Ուեսթ Համ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆրայպուրկէն` շնորհիւ Միքայէլ Կրիկորիչի կոլին:

Ուեսթ Համ, որ գոհ էր ամբողջ մրցումը ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրելով, կոլ մը ստանալէ ետք, փենալթիի մը առիթ ունէր: Սակայն օրուան իրաւարարին կարծիքը ուրիշ էր, եւ 4 վայրկեան ՎԱՐ-ին կրկնութիւնը դիտելէ ետք տուաւ իր վերջնական վճիռը` ոչ փենալթիին:

Ստորեւ` «Եուրոփա լիկ»-ի երթի մրցումներուն արդիւնքները.

Սփորթինկ Լիզպոն – Աթալանթա 1-1
Ա. Էս. Ռոմա – Պրայթըն 4-0
Սփարթա Փրակա – Լիվըրփուլ 1-5
Ղարաբաղ – Լեւերքուզըն 2-2
Ա. Սէ. Միլան – Սլաւիա Փրակա 4-2
Ֆրայպուրկ – Ուեսթ Համ 1-0
Պենֆիքա – Ռէյնճըրզ 2-2
Մարսէյ – Վիարէալ 4-0

 

Նախորդը

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Թոմաս Թուխելին

Յաջորդը

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ». Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

September 26, 2026
Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար`  600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը
Մարզական

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն Համար` 600 Միլիոն Դրամ Վերակառուցելու «Հրազդան» Մարզադաշտը

September 26, 2026
Պասքեթպոլ.  Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Եուրա Մելիքեան Միացաւ «Պոթեւ 2012»-ի

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.