«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն դարձի երկրորդ օրուան մրցումներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոփեն Հակընը եւ հասաւ քառորդ աւարտական:
Աքանճի, Ալվարես եւ Հաալանտ նշանակեցին Սիթիի 3 կոլերը: Վերջինս երթին ալ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Դանիոյ մէջ:
Միւս մրցումին, Ռէալ Մատրիտ Սպանիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լայփցիկի հետ եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Վինիսիըս Ճունիոր 65-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի կոլը, մինչ Ուիլի Օրպան 68-րդ վայրկեանին` հաւասարութեան կոլը:
Սիթի եւ Ռէալ միացան Պայերն Միւնիխի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի, հասնելով քառորդ աւարտական, սպասելով յառաջիկայ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրուան մնացեալ չորս մրցումներուն: Քառորդ աւարտականի վիճակաձգութիւնը տեղի կ՛ունենայ 15 մարտին: