Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Անթոնի Էտուըրտս Կը Նշանակէ 44 Կէտ Եւ Հերոսական Պլոք` Վերջին Երկվայրկեանին

Մարտ 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Ինտիանափոլիսի մէջ Անթոնի Էտուըրտս նշանակեց 44 կէտ եւ կատարեց վճռական պլոք մը` վերջին երկվայրկեանին յաղթանակը նուիրելով իր խումբին` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի, 113-111 արդիւնքով:

Ինտիանա Փէյսըրզ, որ իր դաշտին վրայ կը խաղար, չկրցաւ օգտուիլ Մինեսոթայի սենթըրի` Քար-Անթոնի Թաունզի բացակայութենէն, մինչ Մինեսոթա գրաւեց Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը:

Արդարեւ, արդիւնքը 113-111 էր, երբ գնդակը հասաւ Ինտիանայի մարզիկ Աարոն Նեսմիթի, իր լէյ ափ կ՛ելլէր հանգիստ կողով մը նշանակելու, բայց Էտուըրտս սլացաւ պլոք ընելով եւ նոյն պահուն գլուխը զարնելով կողովի օղակին, երբ արդէն մրցումի աւարտին պազըրը հնչեց:

Ան գոռալով ոտքի ելաւ եւ կուրծքը զարկաւ Ռուտի Կոպետին` տօնելով յաղթանակը: Կոպեր նշանակեց 18 կէտ եւ 14 ռիպաունտ: Նշենք, որ Թաունզ մինչեւ 1 ամիս կրնայ բացակայիլ:

Փասքալ Սիաքամ (24 կէտ) եւ Թայրիս Հելիպըրթըն (23 կէտ եւ 13 էսիսթ) եղան Ինտիանայի լաւագոյնները:

Տալաս Մեւրիքս 114-108 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Մայեմի Հիթի դէմ` մեծ մասամբ շնորհիւ Լուքա Տոնչիչի թրիփըլ տապըլին (35 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ), մինչ Քայրի Ըրվինկ նշանակեց 23 կէտ:

Թերի Ռոզիեր 27 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 11 էսիսթ ի նպաստ Մայեմիի: Արիզոնայի մէջ, Ֆինիքս Սանզ 17 հազար համակիրներու ներկայութեան կրցաւ 120-113 արդիւնքով պարտութեան մատնել Թորոնթօ Ռեփթըրզը:

Մրցումի սկիզբը Ֆինիքս 19 կէտի առաւելութիւն ալ ունեցաւ Թորոնթոյի վրայ, սակայն Թորոնթօ կրցաւ նուազեցնել տարբերութիւնը, սակայն չկրցաւ մօտենալ:

Կերի Թրենթ Ճունիըր 30 կէտ նշանակեց, մինչ Էմանուել Քուիկլի աւելցուց 21 կէտ, 18 էսիսթ եւ 9 ռիպաունտ ի նպաստ Ռեփթըրզի:

Վեթերան աստղ Քեւըն Տիւրենթ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆենիքսի, մինչ խմբակիցներ Կրէյսըն Ալեն (26 կէտ), Պրետլի Պիլ (20 կէտ, 8 էսիսթ) եւ սենթըր Եուսուֆ Նուրքիչ (7 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) օգնեցին իրեն:

Շատ տաք մրցում մը այժմու լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք ձգած Պոսթըն Սելթիքսի եւ անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցի միջեւ այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ:

Այդ տարուան «սպասուած աւարտականի» մրցումին յաղթեց Տենվըր, որ 115-109 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Պոսթընին:

Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց (32 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ), մինչ Ժամալ Մարի (13 կէտ եւ 8 էսիսթ), Աարոն Կորտըն (16 կէտ), Քենթավիըս Քէյտուէլ-Փուի (11 կէտ) եղան Տենվըրի հերոսները: Պոսթընէն փայլեցաւ Ճէյլըն Պրաուն (41 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Քրիսթափս Փորզինկիս (24 կէտ 12 ռիպաունտ): Ճէյսըն Թէյթըմ համեմատաբար «լուռ» մրցում մը ունեցաւ` նշանակելով 15 կէտ եւ ձեռք ձգելով 8 էսիսթ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 111-113
Տիթրիոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց 118-112
Տալաս Մեւրիքս – Մայեմի Հիթ 114-108
Ֆինիքս Սանզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 120-113
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 131-129
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շիքակօ Պուլզ 122-125
Տենվըր Նակեթց – Պոսթըն Սելթիքս 115-109

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ի Միացեալ Խօսք. Տէր Կանգնինք Ապագայ Սերունդներու Կերտիչներուն

Յաջորդը

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Թոմաս Թուխելին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?