Վաղը ժամը 15:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Բ. հանգրուանի 5-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով: Իրենց նախկին չորս մրցակիցներուն յաղթած Պուրճ Համուտի տղաքը նոյն թափով պէտք է շարունակեն իրենց ընթացքը խումբի մը դէմ, որ առաջին հանգրուանին որեւէ պարտութիւն չէր կրած:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը տակաւին ունին 5 մրցակից, եւ առաւելագոյն կէտերը խլելով կը յառաջդիմեն յաջորդ եւ աւարտական հանգրուան, ուր կը մասնակցին Լիբանանի ամբողջ շրջաններու լաւագոյն խումբերը: Աւարտական հանգրուանը կրնայ աւելի դիւրին թուիլ, ուր ընդհանրապէս Լեռնալիբանանի ներկայացուցիչներ կը յաջողին` համեմատաբար աւելի լաւ զտուելէ ետք:
Մարզիչ Յակոբ Նաճարեան շատ լաւ մարզիկներ ունի ամէն ձեւի մրցակիցներու դէմ մրցելու, եւ իր յաջող գաղափարները խումբը հոս հասցուցին:
Համակիրներէն կը սպասուի վաղուան մրցումին ներկայ ըլլալ` քաջալերելու համար տղաքը, մանաւանդ որ փոխադրակառքեր ալ տրամադրուած են կէսօրուան ժամը 1:00-ին` Պուրճ Համուտի հրապարակէն զանոնք փոխադրելու Պհամտուն:
Ստորեւ` 5-րդ շաբթուան մրցումներու յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ժամը 14:00-ին Ահլի Սարպա – Հիլալ Նասր (Անսարի դաշտին վրայ)
Ժամը 14:15-ին Սաֆա Շուիթ – Տապըլ Քիք (Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ)
ՎԱՂԸ
Ժամը 12:00-ին Ուահտէ Շուֆ – Ռիատի Արամուն (Պհամտունի դաշտին վրայ)
Ժամը 14:15-ին Սիպլին Ռիատի – Ռապիթաթ Ուարտանիէ (Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ)
Ժամը 15:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ (Պհամտունի դաշտին վրայ)


