Երբ Ա. Էս. Ռոմայի նախկին խմբապետ Տանիելէ Տը Ռոսի յունուարին նշանակուեցաւ ակումբի մարզիչ` փոխարինելով Ժոսէ Մուրինիոն, համակիրները զբաղած էին ցոյցեր կազմակերպելով Մուրինիոյի վտարումին դէմ: Վերջինս խումբը 2 յաջորդական տարիներ «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական հասցուցած էր:
Տը Ռոսի, որ 6 ամսուան համար ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած էր, պարզապէս «բացը» գոցելու համար էր, մինչեւ Ռոմայի որոշումը հիմնական եւ փորձառու մարզիչ մը նշանակելու մինչեւ ամառ:
Այժմ` իր նշանակումէն 2 ամիս վերջ, Տը Ռոսի իր վրայ դրուած յոյսերը կ՛արդարացնէ Ռոմայի կատարած 9 մրցումներէն 7-ն յաղթանակով աւարտելէ ետք, եւ միակ պարտութիւն մը կրելով Ինթեր Միլանէն, որ «Սերի Ա.»-ի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ:
«Գոհ եմ, բայց գիտեմ, թէ տակաւին բան չենք իրագործած: Ինձմէ աւելի մէկը չի գիտեր համը, այդ պատճառով ալ գիտեմ, որ շատ բան կրնայ փոխուիլ քանի մը վայրկեանէն», նշեց Տը Ռոսի:
Տը Ռոսի այսօր իր խումբին հետ պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Պրայթընը` «Եուրոփա լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի երթի գծով մրցումի երթին:
Ռոմա 9-րդ դիրքը կը գրաւէր Մուրինիոյի «զուտ պաշտպանողական ոճի» օրերուն, սակայն այժմ Տը Ռոսիի յարձակողական ֆութպոլին շնորհիւ Ռոմա կը գրաւէ 5-րդ դիրքը եւ կը պայքարի 4-րդ դիրքին համար, որ կը մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն:
Մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 19:45-ին: Նոյն ժամուն, Չեխիոյ մէջ, Սփարթա Փրակա պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ «կարմիրները»` Լիվըրփուլ:
«Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ պիտի մրցի Չեխիոյ ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող Սփարթայի դէմ, առանց բերդապահ Ալիսոնի, Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտի, Ժոել Մաթիփի, Ռայըն Ռայըն Կրավընպերխի, Թիակօ Ալքանթարայի, Տիեկօ Ճոթայի եւ Քըրթիս Ճոնզի, որոնք բոլորն ալ վիրաւոր են: Մոհամետ Սալահի վիճակը քիչ մը աւելի լաւ է, սակայն Եուրկըն Քլոփ կրնայ որոշել վերջին վայրկեանին եթէ պատրաստ է կամ ոչ:
Գերմանիոյ ախոյեանութեան թիւ 1 թեկնածու Պայերն Լեւերքուզըն, որ 10 կէտի առաւելութիւն մը ունի Պայերն Միւնիխի վրայ, պիտի մեկնի Ազրպէյճան` մրցելու Ղարաբաղ խումբին դէմ:
Աւելի ուշ, ժամը 22:00-ին, Իտալիոյ Ա. Սէ. Միլան խումբը պիտի հիւրընկալէ չեխական Սլաւիա Փրական, մինչ Գերմանիոյ մէջ Ֆրայպուրկ պիտի հիւրընկալէ Ուեսթ Համը, իսկ Ֆրանսայի մէջ, Մարսէյ պիտի հիւրընկալէ Սպանիոյ Վիարէալը: Վերջին մրցումին, Պենֆիքա, Փորթուգալի մէջ պիտի հիւրընկալէ Սկովտիոյ Ռէյնճըրզը:


