Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատի` 81-108

March 8, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը Մըզհերի մէջ բաւական դժուար մրցում մը ունեցան Ռիատիի դէմ եւ 81-108 արդիւնքով զիջեցան Լիբանանի ախոյեանին:

Մրցումը սկսաւ երկու կողմէն յարձակումներով, եւ առաջին երկու մասերուն սուր պայքար կար` 24-25 եւ 20-18, եւ մինչեւ կիսախաղ ՀՄԸՄ 1 կէտի առաւելութիւն ունէր:

Բ. կիսախաղը բոլորովին տարբեր էր: Արդարեւ, Ռիատի շատ աւելի լաւ սկսաւ խաղալ, մանաւանդ որ մեծ առաւելութիւն ունի մարզիկներու որակով եւ քանակով: Ռիատի մասնակցեցաւ 10 մարզիկներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նուազագոյնը 5 վայրկեանէն աւելի խաղցաւ, մինչ ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայէին վիրաւորներ Կերի Չիւիչեան եւ Ճիմի Սալեմ, դաշտ ներկայացուց 9 մարզիկներ, որոնցմէ երկուքը ներկայացան, որովհետեւ 3-րդ մասին մեր լաւագոյն մարզիկը` Չեք Լոֆթըն վիրաւորուեցաւ:

ՀՄԸՄ-ի մակարդակի անկումին պատճառներէն էր նաեւ, ինչպէս ըսինք, Չեք Լոֆթընի վիրաւորուիլը, մինչ նոր օտար սենթըր Փրինս Իպէ վստահ բան պիտի չկրնար փոխել, երբ մրցակիցը ամէն կողմէն երկար մարզիկներ ունի, իսկ մնացեալ մարզիկները` դուրսէն 3 կէտ հարուածող:

Յամենայն դէպս 3-րդ մասին ՀՄԸՄ 19 կէտ նշանակեց, իսկ Ռիատի` 33, մինչ 4-րդին 14 կէտի առաւելութիւն եւս (18-32) եւ մրցումի աւարտին արդիւնքը հասաւ 81-108-ի:

Համակիրները բաւական զուսպ էին եւ մրցումի առաջին մասին բաւական քաջալերեցին, սակայն մրցումի երկրորդ մասին քիչ մը «շատ լուռ» էին` կարծէք յանձնուելով պարտութեան:

Տարբերութիւնը շատ էր երթի մրցումին եւ այս մրցումին միջեւ: Ռիատի եղանակին սկիզբը տակաւին «մթնոլորտին» մէջ չէր մտած, եւ օտարները լիբանանցիներուն վարժ չէին, որմէ հաւանաբար օգտուեցանք, մինչդեռ մեր այս վերջին մրցումին այս վիճակին մէկ մասը Ճեքսընի թըրն օվըրներուն պատճառով էր: Ռիատի ամբողջ մրցումին 9թըրն օվըր կատարեց, մինչ Տուէյն Ճեքսըն առանձին` 7: ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին խմբապետ Ժերար Հատիտեան (20 կէտ) եւ Ժատ Խալիլ (16 կէտ, 10 ռիպաունտ) մինչ Տուէյն Ճեքսըն նշանակեց 16 կէտ եւ ձեռք ձգեց 10 ռիպաունտ:

Չեք Լոֆթըն 25 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 16 կէտ: Թանիոս Աքիքի աւելցուց 6 կէտ, Գէորգ Գէորգ` 3 կէտ, Փրինս Իպէ` 2 կէտ եւ Կապրիէլ Աճեմեան` 2 կէտ:

Ռիատիի լաւագոյն մարզիկներն էին Մենի Հարիս (24 կէտ), Ամիր Սէուտ (17 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (14 կէտ), Ուաէլ Արաքժի (12 կէտ) եւ Էլմետին Քիքանովիչ (12 կէտ):

Այսօր Անթունիէ կը մրցի Մէյրուպայի դէմ (ժամը 17:00-ին), իսկ Հուփս պիտի մրցի Շանվիլի դէմ (ժամը 21:00-ին): Վաղը Անդրանիկ կը հիւրընկալէ Պէյրութ Ֆըրսթը (ժամը 19:00-ին), իսկ կիրակի Սաժես կը հիւրընկալէ Էն. Էս. Էյ.-ը (ժամը 16:45-ին):

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Պարտութեան Մատնեց Հիւսթընը

Յաջորդը

Ֆրանսան Եւ Մոլտովան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.