Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ֆինիքսի Կարեւոր Յաղթանակը` Տենվըրի Մէջ

Մարտ 7, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, Ֆինիքս Սանզ 117-107 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Տենվըր Նակեթցի դաշտին վրայ:

Սանզ աւելի քիչ թըրն օվըր կատարեց, Քան Տենվըր, ինչ որ պասքեթպոլին մէջ շատ կարեւոր բան մըն է:

Ֆինիքս պահ մը 22 կէտի առաւելութիւն ունէր անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Տենվըրի վրայ, բայց Բ. կիսախաղին Նակեթց աւելի լաւ էր եւ կրցաւ հաւասարիլ 48-րդ վայրկեանին:

Քեւըն Տիւրենթի 3 կէտերը արդիւնքը հաւասարեցուց 102-102: Երկարաձգման ընթացքին, Ֆինիքս կրցաւ 15 կէտ նշանակել, մինչ Տենվըր` միայն 5 կէտ: Տիւրենթ առանձին 8 կէտ նշանակեց եւ մրցումը աւարտեց 35 կէտ նշանակելով:

Սանզ, որ 12 կէտ նշանակած էր 4-րդ մասին եւ բաւական բացակայ մարզիկներ ունէր, երկարաձգման ընթացքին կրցաւ ինքզինք գտնել եւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել:

Կրէյսըն Էլըն 8 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (ընդամէնը` 28 կէտ) ի նպաստ Սանզի, որ 2 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր:

Ժամալ Մարի 28 կէտ նշանակեց, մինչ Նիքոլա Եոքիչ 25 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տենվըրի, որ 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտուեցաւ:

Եուսուֆ Նորքիչ մրցումի աւարտէն 2:28 վայրկեան առաջ լքեց դաշտը 6-րդ ֆաուլը ձեռք ձգելէ ետք, վերջին ֆաուլը` Եուքիչի վրայ: Ան 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Սանզէն կը բացակային Տեւըն Պուքըրր, Նասիր Լիթըլ, Տեմիըն Լի եւ Ճաշ Օքոճի (բոլորն ալ` վիրաւոր):

Սանզ կը գրաւէ Արեւմտեան շրջանի 6-րդ դիրքը, եւ փլէյ ին մրցումներու դիրքը գրեթէ հաստատած է: Զուտ Արեւելեան շրջանի ճակատումի մը, Քլիվլենտ Քեւելիրզ 105-104 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոսթըն Սելթիքսը:

Տին Ուէյտ 20 կէտ նշանակեց 4-րդ մասին, որ եղաւ շատ «տկար» մաս մը Պոսթընի համար, որ նշանակեց 17 կէտ:

Պոսթըն, որ 22 կէտով յառաջացած էր, «շատ հանգիստ» կը խաղար, եւ այդ մէկը շատ հանգիստ առիթ տուաւ Քլիվլենտին, որ վերադառնայ մրցումի մթնոլորտ: Պոսթըն, որ այս տարեշրջանի ամէնէն յաջող ժամանակը կ՛անցընէր 11 յաջորդական յաղթանակով, վերջին երկվայրկեանին Ճէյսըն Թէյթըմի հարուածին վստահած կը դիտէր սպասելով կողովին նշանակուիլը, սակայն չպատահեցաւ: Իրաւարարը ֆաուլ սուլեց 0,7 երկվայրկեան մնացած, որուն դէմ Քլիվլենտ վիտէոյի փաստ պահանջեց: Կրկնութեան մէջ փաստուեցաւ, թէ Թէյթըմի ոտքը դպած էր Տարիըս Կարլընտին, որ ֆաուլ չէր կատարած:

Այսպիսով, Քլիվլենտ, որ կը պայքարի գրաւելու 2-րդ դիրքը Միլուոքիի փոխարէն, կրցաւ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել նոյնիսկ առանց Տոնավան Միջելի, Թայ Ժերոմի, Թրիսթըն Թոմփսընի, Մաքս Սթրասի եւ Այզիա Մոպլիի, որոնք վիրաւոր են:

Ճետըթ Էլըն 21 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Թէյմըմ (26 կէտ, 13 ռիպաունտ), Փորզինկիս (24 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (21 կէտ) եղան Պոսթընի լաւագոյն մարզիկները:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Չարլոթ Հորնեթց – Օրլանտօ Մեճիք 89-101
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 98-139
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս 100-116
Մայեմի Հիթ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 118-110
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 112-107
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Պոսթըն Սելթիքս 105-104
Հիւսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114-101
Տալաս Մեւրիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 120-137
Տենվըր Նակեթց – Ֆինիքս Սանզ 107-117

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ». Տը Ռոսի Ա. Էս. Ռոման Վերածեց Յարձակողական Ուժի

Յաջորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նօ Լիմիթց

RelatedPosts

«Պունտըսլիկա».   Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 27, 2025
Մարմնամարզութիւն.  Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ.  Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց,  Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց
Մարզական

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ. Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց, Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?