Մարզական

Նակըլզման 6 Նորեկներ Կ՛ընտրէ  Ազգային Խումբին Համար.  – Ուայթ Կը Մերժէ Ազգային Խումբը…

Նակըլզման 6 Նորեկներ Կ՛ընտրէ Ազգային Խումբին Համար. – Ուայթ Կը Մերժէ Ազգային Խումբը…

Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըլզման երէկ ազգային խումբ հրաւիրեց 26 մարզիկներ, որոնց մաս կը կազմեն 6 նորեկ մարզիկներ: Ազգային խումբը մրցումներ ունի 23 եւ 26 մարտին յաջորդաբար Ֆրանսայի եւ Նետերլանտներու դէմ, եւ մարզիչ Նակըլզման Եուրօ 2024-էն 100 օր առաջ դժուար գործ ունի լաւ կազմ մը պատրաստելու: Այս մրցումները պիտի ըլլան Եուրոյէն առաջ պատրաստութեան վերջին մրցումները, որոնց համար մարզիչը նկատի...

Չեմփիընզ Լիկ.  Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Ինթեր Միլանը

Չեմփիընզ Լիկ. Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Ձգեց Ինթեր Միլանը

Աթլեթիքօ Մատրիտ պէտք ունեցաւ փենալթիներու` հասնելու համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական: Երթին, Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով պարտուած Աթլեթիքօ, Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին, մրցաշարքէն դուրս կ՛ուղղուէր մանաւանդ, երբ 33-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ ստացաւ: Արդարեւ, Նիքոլօ Պարելլա գնդակը փոխանցեց Ֆետերիքօ Տիմարքոյին, որ նշանակեց անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթերի կոլը: 2 վայրկեան ետք, Աթլեթիքօ անմիջապէս փոխադարձեց: Քոքէ օդէն փոխանցեց դէպի Ինթերի քառակուսի, ուր...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Տինամօ Պէյրութ

Կիրակի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ, ախոյեանութեան նախավերջին շաբթուան մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ-ի տղաքը առանց ճնշումի պիտի կատարեն այս մրցումը, որովհետեւ միացեալ 2 մրցումներուն արդիւնքները բան պիտի չփոխեն դասաւորման գծով: Այժմու խումբը պիտի մնայ Դ. դասակարգ, յոյս չունի բարելաւելու իր դիրքը, եւ այժմէն պէտք է պատրաստուիլ յառաջիկայ եղանակին համար: Տինամօ Պէյրութ...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Սեպլին

Այս կիրակի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Ռիատի Սեպլինի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ինչպէս միշտ պիտի շարունակէ իր կարգապահ ֆութպոլը խաղալ եւ 3 կէտի համար ամէն գնով պայքարիլ: Սեպլինի Ռիատին իր կարգին «գոց» ֆութպոլով ծանօթ է եւ միայն 7 կոլ կրցած է նշանակել իր նախկին 5 մրցումներուն ու ստանալ 7 կոլ միայն: ՀՄԸՄ...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Հիլալ Հասաւ Կիսաւարտական` Հաստատելով Նոր Մրցանիշ

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Հիլալ Հասաւ Կիսաւարտական` Հաստատելով Նոր Մրցանիշ

Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալ հասաւ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի կիսաւարտական` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իթթիհատ (Սէուտական Արաբիա) խումբին: Երթին ալ արդիւնքը 2-0 էր, եւ այս վերջին մրցումը եղաւ Հիլալի յաջորդական 28-րդ յաղթանակը` արձանագրելով աշխարհի մրցանիշ: Եասեր Շահրանի եւ պրազիլցի Մալքոմ նշանակեցին Հիլալի կոլերը: Հիլալ, որ 4 անգամ շահած է այս մրցաշարքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբին դէմ պիտի մրցի կիսաւարտականին:...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Զաարպրիւքեն Դուրս Ձգեց Մէօնշընկլատպախը

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Զաարպրիւքեն Դուրս Ձգեց Մէօնշընկլատպախը

Գերմանիոյ ֆութպոլի 3-րդ դասակարգի խումբերէն Զաարպրիւքեն կորսուած վայրկեաններուն կոլ մը նշանակեց եւ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը` հասնելով կիսաւարտական: Հիւրընկալ խումբը 1-0 արդիւնքով պարտուած էր «Պունտըսլիկա»-ի առաջին դասակարգի խումբէն, նախապէս դուրս ձգած էր նաեւ Պայերն Միւնիխը եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը: Ռոպին Հաք նշանակած էր Մէօնշընկլատպախի կոլը, բայց 3 վայրկեան ետք Ամին Նայիֆի 18 մեթրէն ետ մղուած գնդակ մը ստացաւ եւ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ».  Արսենալ Եւ Պարսելոնա Հասան Քառորդ Աւարտական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Պարսելոնա Հասան Քառորդ Աւարտական

Անգլիոյ Արսենալ ակումբը, որ 6 տարիէ ի վեր կը բացակայէր «Չեմփիընզ լիկ»-էն, փենալթիներով կրցաւ դուրս ձգել Փորթուգալի Փորթօ ակումբը, երբ երկու խումբերն ալ իրենց դաշտերուն վրայ 1-0 արդիւնքով աւարտեցին իրենց մրցումները: Արսենալի երիտասարդ խումբը Միքել Արթեթայի հետ բաւական գեղեցիկ յարձակողական ֆութպոլ կը խաղայ 2 եղանակէ ի վեր, եւ այժմ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը: Երեքշաբթի գիշեր լոնտոնեան կազմը փորձեց...

Էն. Պի. Էյ.  Մինեսոթա Կ՛օգտուի Լենըրտի Վնասուածքէն

Էն. Պի. Էյ. Մինեսոթա Կ՛օգտուի Լենըրտի Վնասուածքէն

Քուայ Լենըրտ կռնակի ցաւ ունենալուն պատճառով դաշտը լքեց երկրորդ մասի սկիզբը: Մայք Քոնլի 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ կրցաւ փախուստ տալ իր յաջորդական 3-րդ պարտութենէն: 2-րդ մասին 57-35 արդիւնքով ետ մնալէ եւ Լենըրտի հեռանալէն ետք, Մինեսոթա ձեռք առաւ մրցումը եւ ամբողջովին տիրապետեց` արձանագրելով խումբի մեծագոյն վերադարձներէն մէկը 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Քոնլի 5 յաջող 3 կէտնոց...

Պասքեթպոլ.  Այս Շաբաթ` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այս Շաբաթ` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Վաղը կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումները, երբ ժամը 21:00-ին Մէյրուպա կը հիւրընկալէ Անդրանիկը: Մէյրուպա իր վերջին մրցումին 112-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անթունիէէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ, մինչ Անդրանիկ անակնկալի բերած էր Պէյրութը` 97-91 արդիւնքով: Շաբաթ օր Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը` Շիյահի իր դաշտին վրայ: Յոյսով ենք, որ մեր տղաքն ալ քաջալերուած կը յաղթեն Պէյրութին: Վերջին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սանզ Վերադարձաւ Քլիվլընտի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզ Վերադարձաւ Քլիվլընտի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ մրցակցութիւնը կը սրի, մանաւանդ որ փլէյ օֆի մրցումները կը մօտենան, եւ խումբեր իրար դէմ կը պայքարին ապահովելու փլէյ օֆին ուղղակի հասնելու իրենց տոմսերը: Այդ խումբերէն մէկն է Ֆինիքս Սանզ, որ Տեւըն Պուքըրի վերադարձով կրցաւ աւելի «լուրջ» խումբ ըլլալ: Քեւըն Տիւրենթ առանձին կը փորձէր իր կարելին ընել խումբը առաջնորդելու, բայց իր խմբակիցներէն բաւարար օգնութիւն չստանալով յաճախ կը...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Նասր Դուրս Մնաց Փենալթիներով

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Նասր Դուրս Մնաց Փենալթիներով

Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբը, որուն մաս կը կազմէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, երկուշաբթի գիշեր դուրս մնաց մրցաշարքէն, փենալթիներով պարտուելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն խումբէն: Արդարեւ, երթին 1-0 արդիւնքով պարտուած Նասր մրցումը լաւ չսկսաւ եւ 2 յաջորդական կոլեր ստացաւ Սոֆիան Ուահիմիի միջոցով (28 եւ 45 վայրկեաններուն): Կիսախաղ չեղած Նասր փոխադարձեց շնորհիւ Ղարիպի: Բ. կիսախաղին Էյսա (սխալմամբ...

Մաուրիցիօ Սարրի Եւ Ռաֆայէլ Պենիթես` Իրենց Պաշտօններէն Դուրս

Մաուրիցիօ Սարրի Եւ Ռաֆայէլ Պենիթես` Իրենց Պաշտօններէն Դուրս

Իտալացի մարզիչ Մաուրիցիօ Սարրի, որ Լացիօ Ռոման կը մարզէր, երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը` իր վերջին յուսախաբութիւններէն ետք: Լացիօ, որ անցեալ շաբաթ դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-էն, երկուշաբթի գիշեր Ուտինեզէէն անակնկալ պարտութիւն մը կրեց: Սարրի, որ Լացիոն կը մարզէ 3 տարիէ ի վեր, պայմանագրութիւն մը ունէր մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը (2025), սակայն ներկայացուց իր հրաժարականը Լացիոյի տնօրէնութեան, որ տակաւին չէ ընդունած...

Թենիս.  Լուքա Նարտի Անակնկալի Բերաւ Ճոքովիչը

Թենիս. Լուքա Նարտի Անակնկալի Բերաւ Ճոքովիչը

Լուքա Նարտի, որ բախտի բերմամբ կրցաւ մասնակցիլ Ինտիըն Ուէյլզի (Քալիֆորնիա) թենիսի տղոց մրցաշարքին, երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ անակնկալի մատնել աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչը, 6-4, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Նարտի, որ 123 դասուած իտալացի թենիսմենն է, էյսով աւարտեց իր մրցումը եւ ռաքեթը գետին նետելով աչքերը փակեց ձեռքերով: «Ասիկա հրաշք մըն է: 20 տարեկան եմ, 100-րդ աշխարհի, կը յաղթեմ Նովաքին......

Պրեմէ Հողին Յանձնուեցաւ Միւնիխի Մէջ

Պրեմէ Հողին Յանձնուեցաւ Միւնիխի Մէջ

Երէկ հողին յանձնուեցաւ 1990-ի մոնտիալը շահած Գերմանիոյ ֆութպոլի աստղերէն Անտրէաս Պրեմէն, որ յանկարծամահ եղած էր 20 փետրուարին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Միւնիխի մէջ, ներկայութեամբ 300-է աւելի բարեկամներու եւ ընկերներու: Ըստ «Պիլտ»-ի, Ռուտի Ֆէօլըր փառաբանութեան խօսք մը առաւ, շատ ազդուած` իր մտերիմ ընկերը կորսնցնելէն... «Ես այս ուսին պէտք պիտի ունենայի 20 փետրուարի առաւօտեան... կարօտցած եմ», ըսաւ Ֆէօլըր` յիշելով 1996-ի եղանակի աւարտը,...

Ճատրակ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պատուաբեր Արդիւնքները

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Պատուաբեր Արդիւնքները

Կիրակի օր Լայընզ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, որուն մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբը: 14 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Մարիա Մարտիկեան: 16 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց Մարտիկ Մարտիկեան: 12 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն Մարք Մարտիկեան գրաւեց 3-րդ դիրքը:      

Հեծելարշաւ.  Վահէ Վիրապեան Պրոնզէ Մետալ Շահեցաւ

Հեծելարշաւ. Վահէ Վիրապեան Պրոնզէ Մետալ Շահեցաւ

Լեհաստանի Վարշաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեհաստանի բաժակ» մրցաշարքը, որ կը ներառէր 4 տարբեր մրցաձեւեր` 1 օրուան ընթացքին: Բաւական բուռն պայքարէ ետք, Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականը պատուաբեր արդիւնքներով դուրս եկաւ: Վահէ Վիրապեան (19 տարեկան) գրաւեց 3-րդ դիրքը 23 տարեկանէն վար մրցումներուն, իսկ Արթուր Վարելջեան, որ մեծերու մրցումներուն մասնակցած էր, գրաւեց 4-րդ դիրքը:

Փեթրաքով 25 Մարզիկներ Հրաւիրեց Ազգային Խումբ

Փեթրաքով 25 Մարզիկներ Հրաւիրեց Ազգային Խումբ

Հայաստանի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքով հրապարակեց ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներու ցանկը, ըստ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ աղբիւրին: Նշենք, որ ազգային խումբը բարեկամական մրցումներ ունի կատարելիք Քոսովոյի (Երեւանի մէջ) եւ Չեխիոյ (Փրակայի մէջ) դէմ, 22 եւ 26 մարտին: Ստորեւ` ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներու անուանացանկը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Օկնիէն Չանչարեւիչ (Նոա), Արսէն Բեկլարեան (Արարատ-Արմենիա) եւ Սթանիսլաւ Պուչնեւ (Փիւնիկ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարազդատ Հարոյեան (Քինկտաօ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիփըրզ – Պաքս` 117-124

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ – Պաքս` 117-124

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ առաւօտ, եւ Լոս Անճելըսի մէջ Քլիփըրզ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը: Մրցումին սկիզբը Քլիփըրզ աւելի լաւ էր եւ 7 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր Պաքսի վրայ, որ սակայն Տեմիըն Լիլըրտի եւ Եաննիս Անթեթաքուփոյի միջոցով ինքզինք գտաւ, եւ մանաւանդ Լիլըրտ իր 7 երեք կէտնոց կողովներէն 3-ը նշանակելով 4-րդ մասին պատճառ դարձաւ, որ Պաքս ոչ միայն հասնի Քլիփըրզի,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայեր Լեւերքուզըն Կը Շարունակէ Յաղթել. Պայերն Ինքզինք Գտաւ…

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայեր Լեւերքուզըն Կը Շարունակէ Յաղթել. Պայերն Ինքզինք Գտաւ…

«Պունտըսլիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայեր Լեւերքուզըն հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Վոլֆսպուրկի դէմ եւ շարունակեց մնալ անյաղթ` 36 մրցումներէ ի վեր: Չապի Ալոնսոյի խումբը 67 կէտ ունի, 10 կէտի առաւելութիւն` Պայերն Միւնիխի վրայ: Լեւերքուզըն 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վոլֆսպուրկը` շնորհիւ Նաթան Թելլայի եւ Ֆլորիան Վիրցի կոլերուն: Պայերն Միւնիխ, Լացիօ Ռոմայի դէմ յաղթանակէն ետք, ձեւով մը ինքզինք գտած կ՛երեւի, եւ խումբին մթնոլորտը...

Չեմփիընզ Լիկ.  Այսօր` Պարսելոնա – Նափոլի Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան

Չեմփիընզ Լիկ. Այսօր` Պարսելոնա – Նափոլի Վաղը` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան

Այսօր եւ վաղը կը վճռուին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի հասնող վերջին 4 խումբերը: Անցեալ շաբաթ Պայերն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Սիթի յաղթանակներ արձանագրելով ապահոված էին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Նափոլին: Պարսելոնա գրեթէ երիտասարդներով կը խաղայ վերջերս, որովհետեւ իր աստղերուն մէկ մասը վիրաւոր է: Յառաջապահ Ֆեռան...

Page 219 of 1281 1 … 218 219 220 … 1,281

Արխիւներ