Երէկ Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը 4-0 արդիւնքով «հանգիստ» յաղթանակ մը արձանագրեցին Ռաուտա Տըքուանէի դէմ:
Մրցումը շատ գեղեցիկ չէր, որովհետեւ մրցակիցը այդ լաւ խումբը չէր, կամ աւելի ճիշդ է ըսելը` մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի տղաքը շատ աւելի կազմակերպուած են բաղդատմամբ կարգ մը մրցակիցներու:
7-րդ վայրկեանին, մրցակից յետսապահ մը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց առաջին կոլը: Բ. կիսախաղի 7-րդ վայրկեանին Ալի Ֆահս աւելցուց երկրորդ կոլը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը գրեթէ ամբողջովին տիրապետած էին մրցակիցին վրայ եւ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուցին: 80-րդ վայրկեանին Ֆահս նշանակեց իր երկրորդ եւ ՀՄԸՄ-ի 3-րդ կոլը, որմէ 8 վայրկեան ետք կոլսքորըր Եուսեֆ Համատէ նշանակեց 4-րդ կոլը փենալթիով:
Պէտք է ըսել, որ մեծ թիւով համակիրներ ներկայ էին քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը, եւ 3 փոխադրակառքերու կողքին շատ մը համակիրներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը ներկայ էին դաշտ` քաջալերելու տղաքը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց յաջորդ մրցակիցը Ռիատի Սիպլին խումբն է, որ 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց երէկ Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբէն:
Ստորեւ` 5-րդ շաբթուան արդիւնքները.
Ահլի Սարպա – Հիլալ Նասր 0-2
Սաֆա Շուիթ – Տապըլ Քիք 1-2
Ուահտէ Շուֆ – Ռիատի Արամուն 0-4
Ռիատի Սիպլին – Ռապիթաթ Ուարտանիէ 2-6
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ 4-0
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 15 (17-4)
2.- Տապըլ Քիք 12 (18-3)
3.- Հիլալ Նասր 10 (8-4)
4.- Ռապիթաթ Ուարտանիէ 10 (13-10)
5.- Ռիատի Արամուն 7 (13-10)
6.- Ռիատի Սեպլին 7 (7-7)
7.- Ռաուտա Տըքուանէ 6 (4-10)
8.- Սաֆա Շուիթ 3 (7-10)
9.- Ահլի Սարպա 3 (6-18)
10.- Ռահտէ Շուֆ 0 (1-18)