Այսօր կը սկսին «Լա Լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ Պարսելոնա Քաթալոնիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մայորքան:
Պարսելոնա 58 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Մայորքա 27 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 15-րդ դիրքը:
Պարսելոնայէն կը բացակային Փետրի, Ֆրենքի Տը Եոնկ, Կաւի, Պալտէ եւ Ալոնսօ վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով, մինչ Արաուխոյի դեղին քարտերը անցած են սահմանը, եւ ան պիտի բացակայի կախակայումով:
Իտալիոյ մէջ, «Սերի Ա.»-ի մրցումներու 28-րդ հանգրուանի բացման մրցումը այսօր իրար դէմ պիտի հանէ անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Նափոլին եւ Թորինոն:
Նափոլի 7-րդ դիրքը կը գրաւէ 43 կէտով, մինչ Թորինօ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը` 37 կէտով:
Նափոլիի նոր մարզիչ Ֆրանչեսքօ Քալցոնա իր վերջին մրցումին կրցաւ պարտութեան մատնել Եուվենթուսը (2-1) եւ աւելի առաջ Սասուլոն (6-1):
Խումբը սկսած է աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, քան Վալթըր Մացարիի հետ ուր խումբը 17 մրցումներու ընթացքին 6 յաղթանակ եւ 8 պարտութիւն կրած էր:
Գերմանիոյ մէջ, այսօր 25-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, 3-րդ դիրքը գրաւող Շթութկարթ պիտի հիւրընկալէ 14-րդ դիրքը գրաւող Ունիոն Պերլինը:
Շթութկարթ, որ 50 կէտ ունի, 4 կէտով ետ կը մնայ Պայերն Միւնիխէն, իսկ 6 կէտի առաւելութիւն ունի Տորթմունտի վրայ (4-րդ դիրք) եւ կը գտնուի լաւ օրերու մէջ, մինչ Ունիոն Պերլին, որ բաւական բարելաւած է իր դիրքը` վերջին դիրքերուն վրայ մնալէ ետք ձմեռնային արձակուրդէն առաջ:
Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ին 25-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Նիս կը հիւրընկալէ Մոնփելիէն:
Նիս բաւական 2-րդ դիրքի վրայ մնալէ ետք, վերջին 5 մրցումներուն 3 պարտութիւն ու 2 հաւասարութիւն արձանագրած է եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Մոնփելիէ 16-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ վերջին 5 մրցումներէն 1-ը յաղթանակով աւարտած է 3 պարտութեան կողքին: