Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւիթեան Հասաւ Ողիմպիական
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւիթեան դարձաւ 2024 թուականի աշխարհի բաժակի խաղերու ոսկի մետալակիր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի խաղերու վերջին հանգրուանին, Դաւիթեան յենացատկի վարժութեան աւարտականին 15,166 կէտ հաւաքելով դարձաւ ոսկի մետալակիր: Նախապէս, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւիթեան օղակներու վարժութեան մրցումներուն ոսկի մետալ շահելով իր կարգին շահած էր...




















