«Պունտըսլիկա»-ի նոր տիտղոսակիր Պայեր Լեւերքուզըն հինգշաբթի գիշեր կատարեց տարեշրջանի իր 44-րդ մրցումը, որ կը թուէր ըլլալ Չապի Ալոնսոյի վերջինը 43 անյաղթ մրցումներէ ետք: Արդիւնքը 1-0 ի նպաստ Ուեսթ Համին էր, որ Լոնտոնի մէջ կը յաղթէր Լեւերքուզընի: Սակայն Ճերեմի Ֆրիմփոնկ 89-րդ վայրկեանին նշանակեց Լեւերքուզընի հաւասարութեան կոլը, եւ Ալոնսոյի տղաքը կրցան 44-րդ մրցումը աւարտել առանց պարտութեան: Գերմանիոյ մէջ, «Եուրոփա լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին, Լեւերքուզըն 2-0 արդիւնքով յաղթած էր եւ 3-1 երկու մրցումներու հաշիւով հասաւ կիսաւարտական, ուր անցեալ տարուան նման պիտի մրցի Իտալիոյ Ա. Էս. Ռոմային դէմ:
Ռոմա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը, որ երթին 1-0 արդիւնքով ալ զիջած էր մայրաքաղաքի խումբին, Միլանոյի մէջ:
Յետսապահ Ճիանլուքա Մանչինի, որ նշանակած էր Ռոմայի կոլը երթին, հինգշաբթի օր ալ բացաւ մրցումին հաշիւը 12-րդ վայրկեանին, երբ խմբապետ Լորենցօ Փելլեկրինիի հարուածին զսպուելէն ետք Միլանի բերդի սիւնին կողմէ, գնդակը հասաւ Մանչինիին, որ դիւրութեամբ զայն զետեղեց Մենիանի բերդին մէջ:
Միլանի ֆութպոլիստ Ռուպըն Լոֆթըս-Չիք Ռոմայի բերդին ձողին դպցուց գնդակը, որմէ վայրկեաններ ետք Փաուլօ Տիպալա արդիւնքը բարձրացուց 2-ի: Յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու աջ կողմէն ճեղքեց, սակայն անոր փոխանցումը դէպի կեդրոն Միլանի պաշտպանները ետ մղեցին, բայց Տիպալա վրայ հասաւ եւ անսխալ էր նշանակելով Ռոմայի 2-րդ կոլը:
Ռոմա 28-րդ վայրկեանին կորսնցուց Լուքաքուն, որ վիրաւորուեցաւ, եւ 3 վայրկեան ետք Զեքի Չելիք դաշտէն վտարուեցաւ, երբ բիրտ ֆաուլի ենթարկեց Լէաոն: Զոյգ մարզիչներն ալ փոփոխութիւններ կատարեցին կիսախաղէն առաջ, ուր Սթեֆանօ Փիոլի դաշտ ներկայացուց յառաջապահ Լուքա Եովիչը` փոխարինելով միջնապահ Իսմայէլ Պեննասըրը, մինչ Տանիելէ Տը Ռոսի Փաուլօ Տիպալան փոխարինեց յետսապահ Տիեկօ Լորենթէով:
Միլան աւելցուց իր յարձակումները, սակայն Ռոմա հակայարձակումներով աւելի վտանգեց Միլանի բերդապահ Մենիանի բերդը, որ քիչ մնաց կոլ մը եւս ստանար, երբ Սփինացոլլայի առանձին սուրալէն ետք դէպի Միլանի բերդը, ֆրանսացի բերդապահը վարպետօրէն զսպեց անոր հարուածը:
Եովիչ իր կարգին կոլի առիթ ունէր, սակայն անոր հարուածը զսպուեցաւ Ռոմայի բերդապահ Միլէ Սվիլարի կողմէ: 85-րդ վայրկեանին Ռաֆայէլ Լէաոի փոխանցումէն ետք, Մաթէօ Կապիա նշանակեց Միլանի միակ կոլը:
Ռոմայի համար այս յաղթանակը միայն 3-րդն էր 15 մրցումներու ընթացքին Միլանի դէմ, մինչ Միլան իր վերջին 3 մրցումներուն (բոլոր մրցաշարքերուն գծով) ձախողած է յաղթանակ ձեռք ձգել:
Կիսաւարտականի երթի մրցումները տեղի կ՛ունենան 2 մայիսին, իսկ դարձը` 9 մայիսին: Աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ 22 մայիսին, Տապլինի մէջ:
Նշենք, որ Մարսէյ փենալթիներով դուրս ձգած էր Պենֆիքան, մինչ Աթալանթա դուրս ձգած էր Լիվըրփուլը, հակառակ անոր որ Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Իտալիոյ մէջ: Երթին Աթալանթա 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Անգլիոյ մէջ: