Պրազիլի ֆութպոլի պատմական աստղերէն Ռոմարիօ պիտի վերադառնայ կանաչ դաշտեր 58 տարեկանին:
1994-ի մոնտիալի ոսկի մետալակիր, ծերակուտական եւ իր նախասիրած ֆութպոլի ակումբին` Ամերիքայի նախագահ Ռոմարիոյ պիտի միանայ վերջինիս` իբրեւ ֆութպոլիստ:
Չորեքշաբթի օր ան յայտարարեց, որ պաշտօնապէս անունը արձանագրած է խումբի մարզիկներու ցանկին վրայ, օգնելու Ռիօ Տը Ժանէյրոյի ակումբին (Ամերիքա), որ բարձրանայ առաջին դասակարգ:
«Պատրաստ եմ փորձելու, որ օգնեմ իմ սիրած ակումբիս: Շնորհակալ եմ ձեր քաջալերանքին համար», գրեց Ռոմարիօ «Ինսթրակրամ»-ի վրայ:
Ընտանեկան խաղ մըն ալ պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով, որ իր զաւակը` Ռոմարինիօ (30 տարեկան) յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղայ Ամերիքայի հետ:
«Երազի իրականացում պիտի ըլլայ իմ զաւկիս հետ դաշտ ներկայանալը: Պարզապէս կ՛ուզեմ քանի մը մրցում կատարել Ամերիքայի հետ, երազս ալ իրականացնելու», ըսաւ Ռոմարիօ, որ յայտնեց, թէ բոլոր մրցումներուն մասնակցելու կարողութիւն չունի:
Ռոմարիօ Ամերիքայի համակիր դարձած է իր հօր նախասիրած խումբը ըլլալով, հակառակ անոր որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է մրցակից Վասքօ Տը Կամա խումբին հետ, ապա փոխանցուած Եւրոպա, որ փայլած է Փ.Ս.Վ. Այնտհովընի եւ Պարսելոնայի հետ:
Ան Պրազիլի 1994-ի մոնտիալը շահող խումբին հիմնական տարրերէն եղած է` շահելով ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը:
Ան 2008-ին լքեց ֆութպոլը, բայց տարի մը ետք կարճ ժամանակով միացաւ Ամերիքային:
2015-ին ան ընտրուած է Պրազիլի ծերակոյտի անդամ եւ 2022-ին վերընտրուած է: Ան անցեալ յունուարէն ի վեր Ամերիքա ակումբի նախագահն է եւ կը փորձէ լուծել ակումբի նիւթական վատ վիճակը` վերադառնալու առաջին դասակարգ: