Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա-1». Ո՞վ Պիտի Ըլլայ Մերսետեսի Վարորդը

April 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանը սկսաւ անցեալ ամիս, եւ 1950-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով բոլոր խումբերն ալ (10 խումբ) իրենց անցեալ տարուան վարորդները պահած էին անփոփոխ: Միակ «ցնցիչ» լուրը 7 անգամ ախոյեան Լուիս Համիլթընի Ֆեռարիի խումբին միանալու լուրն էր յառաջիկայ տարեշրջանին:

2025-ին տարբեր պիտի ըլլայ ամէն ինչ: 12 վարորդներու պայմանագիրներ կ՛աւարտին, եւ քուլիսներու ետին մեծ աշխատանք կը տարուի լաւագոյն վարորդներ ձեռք ձգելու:

Մերսետես Համիլթընը (39 տարեկան) փոխարինելու մասին կը մտածէ, մինչ խումբի տնօրէն Թոթօ Վոլֆ ճնշումի տակ չէ: Աւստրիացին գիտէ, որ Մերսետես միայն 3-րդ լաւագոյն ինքնաշարժն է, բայց ամէնէն պահանջուած գերմանական ընկերութիւնն է:

Վոլֆի մօտ 2 անուն կայ փոխարինելու Համիլթընը… Մաքս Վերշթափըն (26 տարեկան) եւ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ» (42 տարեկան): Ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ Սեպասթիան Ֆեթել (36 տարեկան) եւ Միք Շումախըր (25 տարեկան), որոնց անունները վերջերս հրապարակուած էին իբրեւ Մերսետեսի թեկնածու, յոյս չունին միանալու:

Վոլֆ չի թաքցներ իր նախընտրութիւնը: Ան Սէուտական Արաբիոյ կրան փրիէն ետք յայտնած էր, թէ անշուշտ կ՛ուզէ ունենալ Մաքսը խումբին մէջ: Նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերշթափըն, որ վերջին 3 տարիներուն աշխարհի ախոյեան դարձաւ, Ռետ Պուլի հետ պայմանագրութիւն ունի մինչեւ 2028, սակայն ան կրնայ կիսատ ձգել իր պայմանագրութիւնը, որոշ տուրք մը վճարելով, կամ եթէ տոքթ. Հելմութ Մարքօ (80 տարեկան) մաս չկազմէ Ռետ Պուլին այլեւս: Այս մէկը հեռու կրնայ չըլլալ, մանաւանդ որ Ռետ Պուլ վերջերս դիրքերու ներքին պայքարի մէջ կը գտնուի:

Այոնսօ երկրորդ թեկնածու է Ճորճ Ռասըլի կողքին (26 տարեկան): 42 տարեկան Ալոնսօ, որ 2005-ին եւ 2006-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր, իր ասպարէզի վերջին օրերուն մէջ կը գտնուի, սակայն տակաւին ամէնէն արագ վարորդներէն մէկն է: Մերսետեսի պատասխանատուներ շատ լաւ գիտեն, թէ Ալոնսօ որքան կ՛օգնէ իր խումբին բարելաւման աշխատանքին, ինչպէս պատահեցաւ Ալփինի եւ Ասթոն Մարթինի յառաջդիմութեան ժամանակ: Այս յատկութիւններուն պէտք ունի Մերսետես 3 տարի տառապելէ ետք:

Ռետ Պուլի պարագային հակառակ ներքին պայքարներուն բոլորը կը նախատեսեն, որ Վերշթափըն մնայ աւստրիական խումբին հետ: Սակայն Փերեսի պարագային (34 տարեկան) պայմանագրութիւնը երկարաձգելը շատ հաւանական չէ, եւ մեքսիքացի վարորդը միշտ չ՛արդարացներ իր վրայ դրուած յոյսերը: Ամէնէն հաւանական թեկնածուն, եթէ Փերես լքէ, Ալեքսանտր Ալպոնն է (27 տարեկան), որ Վերշթափընի խմբակիցն էր Ռետ Պուլի մէջ 2019-էն 2020: Այդ օրերուն, Վերշթափընի հետ չէր կրնար մրցիլ Ալպոն, սակայն Ուիլիըմսի հետ շատ աւելի ինքնավստահ վարորդ մը դառնալով իր խումբի 28 կէտերէն 27-ն շահեցաւ անցեալ տարեշրջանին: Ամէն ինչէ անկախ, Ալպոն Չալերմ Եուվիտիայի (73 տարեկան) երազային լուծումն է: Թայլանտցի միլիոնատէրը Ռետ Պուլի ամէնէն մեծ բաժինը ունի իր ընտանիքին հետ միասին, եւ պիտի ուզէ իր ազգակից Ալպոնի ներկայութիւնը խումբին հետ: Ուիլիըմսի հետ 2025-ին աւարտելով իր պայմանագրութիւնը, Ալպոն կրնայ դժուար թեկնածու մը ըլլալ: Ռետ Պուլ կը հետեւի նաեւ Մաքլարենի զոյգին` Լանտօ Նորիսի  (24 տարեկան) եւ Օսքար Փիասթրիի (22 տարեկան), որոնք հակառակ անոր որ երկար պայմանագրութիւններ ունին Մաքլարենի հետ, անոնք կիսատ ձգելու կարելիութիւնը ունին, եթէ Մաքլարեն լաւ արդիւնք չարձանագրէ:

Նշենք, որ այս շաբաթավերջին Շանկհայի միջազգային շրջավազքին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 5-րդ կրան փրին` Չինաստանի կրան փրին:

 

Նախորդը

Մտքեր. – 7. Ի՞նչ Պէտք Է Ըլլայ Հայկական Արեւելումը Այսօր

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնացին

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.