Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնացին

Ապրիլ 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի գիշեր, Պարսելոնա իր դաշտին վրայ շատ լաւ ձեւով սկսաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ, եւ շաբաթ մը առաջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրած Պարսա կրցաւ 12-րդ վայրկեանին բանալ մրցումի հաշիւը, երբ Լամին Եամալ լաւ ձեւով խաբեց Նունօ Մենտեսը եւ աջ կողմէն ֆրանսական քառակուսին մտնելէ ետք վերջին վայրկեանին փոխանցեց Ռաֆինիային, որ նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը:

Այս կոլէն ետք, Պարսելոնա առիթ մը փախցուց, երբ Լեվանդովսքի չկրցաւ նշանակել 2-րդ կոլ մը:

29-րդ վայրկեանին Ռոնալտ Արաուխօ գետին բերաւ Փարիզեան խուբին ձախ յառաջապահ Պրատլի Պարքոլան եւ կարմիր քարտ ստացաւ: Արաուխօ վերջին պաշտպանը ըլլալով ստացաւ կարմիր քարտ, բան մը, որ կատղեցուց մարզիչ Չաւին եւ Պարսելոնայի մարզիկները:

Հոս Չաւի փոխարինեց Լամին Եամալը պաշտպան Ինյիկօ Մարթինեսով, եւ Պարսելոնա, որ արդէն հակայարձակումներու վստահած էր, աւելի եւս պաշտպանել փորձեց, մինչ Սեն Ժերմեն մրցումի սկիզբէն կազմակերպուած ֆութպոլ կը ցուցաբերէր:

40-րդ վայրկեանին, Պարքոլա, որ յաճախ կը յարձակէր ձախ կողմէն, կեդրոն փոխանցեց Էմպափէի ուղղութեամբ, սակայն գնդակը քիչ մը արագ ըլլալով ուղղուեցաւ աջ` Ուսման Տեմպելէին, որ վրայ հասաւ եւ գնդակը զետեղեց իր նախկին ակումբին բերդին մէջ:

«Տաք» մրցումը շարունակուեցաւ, եւ օրուան ռումանացի իրաւարարը քիչ մը շատ խիստ էր դեղին քարտ բաժնելու առումով: 40-րդ վայրկեանին Փարիզի կոլէն ետք, ան դեղին քարտ տուաւ Էմպափէին եւ Ինյիկօ Մարթինեսին: 5 վայրկեան ետք, Ֆապիան Ռուիս (Փարիզ Սեն Ժերմեն) դեղին քարտ մը ստացաւ կիսախաղէն քիչ առաջ:

Բ. կիսախաղին, Ռոպերթ Լեվանտովսքի գլխու հարուածի համար կը ցատկէր, երբ մրցակիցի մը հետ գետին ինկաւ եւ… դեղին քարտ լեհ յառաջապահին:

54-րդ վայրկեանին, Աշրաֆ Հաքիմիի փոխանցումէն ետք, Փարիզի միջնապահ Վիթինիա զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Սեն Ժերմենի 2-րդ կոլը` հաւասարեցնելով մրցումներու հաշիւը (4-4): 7 վայրկեան ետք, Ժոաօ Քանսելօ կոշտ թաքըլի ենթարկեց Տեմպելէն եւ փենալթի ի նպաստ Սեն Ժերմենի: Էմպափէ անզսպելի հարուածով մը նշանակեց 3-րդ կոլը: Պարսելոնա փորձեց փոխադարձել` մրցումը երկարաձգման տանելու, սակայն Էմպափէ ներկայ էր ճիշդ դիրքի վրայ, երբ յարձակում մը 2 անգամ զսպուելէ ետք Պարսայի բերդապահ Թետ Շթեկընի կողմէ, գնդակը հասաւ իրեն, եւ ֆրանսացի աստղը ամենայն դիւրութեամբ գնդակը զետեղեց Պարսայի բերդին մէջ, նշանակելով 4-րդ կոլը:

«Շատ հպարտ կը զգամ, մարզիկները իրենց ներկայութիւնը փաստեցին եւ կամքը ունէին անպայման յաղթելու: Ցոյց տուինք ինչ որ կ՛ուզէինք ընել հոս. կոլ ստացանք, բայց մեր տրամադրութիւնը նոյնը մնաց եւ կեդրոնացումը չխախտեցաւ: Ամէն ինչ ըրինք, որ Պարսելոնայէն աւելի լաւ ըլլանք», ըսաւ Լուիս Էնրիքէ, որ 2015-ին Պարսելոնայի հետ (իբրեւ մարզիչ) կրցած էր «Չեմփիընզ լիկ», «Լա լիկա» եւ Սպանիոյ բաժակը շահիլ:

«Բոլոր մարզիկներն ալ կը հաւատային, որ կրնանք յաղթել: Չյանձնուեցանք: Գիտէինք, որ քանի մը կոլ պիտի նշանակենք: Շատ լաւ աշխատանք էր բոլոր մարզիկներէն: Մարզիչի թաքթիքները ամբողջական էին: Կոլ ստանալէ ետք լաւ պայքար ցուցաբերեցինք: Կիսաւարտականի հասնիլը մեծ բան է: Յուսանք աւարտականին ալ հասնինք: Պէտք է լաւ հանգստանանք», ըսաւ Տեմպելէ:

Կիսաւարտականին Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին դէմ, որ իր կարգին դուրս ձգեց այլ սպանական ակումբ մը` Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Առաջին կիսախաղին շատ լաւ ձեւով տիրապետելէ ետք Եուլիան Պրենտթ (34-րդ) եւ Իան Մաաթսըն (39-րդ վայրկեան) 2 կոլ նշանակեցին ի նպաստ Տորթմունտի, որ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց:

Բ. կիսախաղին, Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ 3 փոխանցումներ կատարեց, եւ սպանական ակումբը ճնշեց գերմանական խումբին վրայ: 49-րդ վայրկեանին Մաթս Հումըլզ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը ի նպաստ Աթլեթիքոյի: Այս կոլը հաւասարեցուց 2 մրցումներու հաշիւը` 3-3-ի:

Երթին, Աթլեթիքօ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր, եւ 64-րդ վայրկեանին Անխել Քորէա կրցաւ նշանակել մատրիտեան կազմի 25-րդ կոլը:

71-րդ վայրկեանին, Մարսել Սապիթցըրի երկար փոխանցումէն ետք, Նիքլաս Ֆիւլքրուկ գլխու հարուածով նշանակեց Տորթմունտի 3-րդ կոլը, իսկ իսկ 3 վայրկեան ետք, այս անգամ Ֆիւլքրուկի փոխանցումէն օգտուելով, Սապիթցըր քառակուսիին ծայրէն ռմբային հարուածով մը նշանակեց Տորթմունտի 4-րդ կոլը:

«Շատ գեղեցիկ ֆութպոլի մրցում մըն էր բոլոր համակիրներուն համար, որոնք եկած էին Սիկնալ Իտունա Փարք (81.365 համակիրներ): Առաջին կիսախաղը շատ լաւ ֆութպոլ խաղցանք, 10 վայրկեանի չափ ժամանակի նայեցաւ Բ. կիսախաղի մթնոլորտին մէջ մտնելու. պէտք է ընդունինք այս մէկը, բայց պատասխանը (Աթլեթիքոյի կոլերուն) սքանչելի էր», ըսաւ Պրենտթ:

Կիսաւարտականի երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տորթմունտի դաշտին վրայ, 30 ապրիլին, մինչ դարձի մրցումը տեղի կ՛ունենայ 7 մայիսին` Փարիզի մէջ:

Նախորդը

«Ֆորմիւլա-1». Ո՞վ Պիտի Ըլլայ Մերսետեսի Վարորդը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէքըրզ 7-րդ Դիրքը Գրաւեց Փելիքընզ – Քինկզ` 8-րդ Դիրքի Պայքար

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?