Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մարզանք Եւ Դրամ

Ապրիլ 17, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր աշխարհի մէջ շատ բան փոխուած է: Կեանքը կը դժուարանայ օրէ օր, եւ մարզիկներ պատկանելիութենէ աւելի դրամի համար է, որ կը փոխեն իրենց ակումբը (խմբային խաղերու պարագային):

Մարզանքի թագաւորը ֆութպոլն է ընդհանրապէս, նոյնն էր պարագան Լիբանանի, բայց վերջին 20-25 տարին այդ ալ փոխարինուած կ՛երեւի պասքեթպոլով` նկատի առնելով, որ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շատ աւելի լաւ կ՛աշխատի, քան ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

Ինչպէս դառնաս` դրամն է պատճառը: 1940-ականններէն մինչեւ 1970-ականներ, ՀՄԸՄ-ի պարագային ալ խմբային թէ անհատական մարզական խաղերու ընթացքին շատ տիտղոսներու կը տիրանային ՀՄԸՄ-ի որեւէ մասնաճիւղի խումբերը կամ անհատները: Փինկ փոնկ, աթլեթիզմ եւ հեծելարշաւ մնացած են տակաւին, ինչպէս նաեւ ճատրակ, եթէ վերջինս մարզանքի մէջ դասենք: Եթէ այս մարզաձեւերուն մէջ ալ «դրամ մտնէ», հոն նահանջ կրնան արձանագրել մեր խումբերը:

Ֆութպոլի պարագային շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ հայ մարզիկներ չեն խաղար… Արդեօք ո՞ւր են… Չկա՞ն հայ տղաք, որոնք ֆութպոլ կը սիրեն: Վստահ կան, միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան: Շատ լաւ երիտասարդ տղաք ալ կան հայկական թէ օտար ակադեմիաներու մէջ, սակայն… Այս պատանին կամ երիտասարդը երբ սկսի մեծնալ եւ ուսումը ուզէ շարունակել, ինքնաբերաբար պիտի հեռանայ ֆութպոլէն, որովհետեւ պէտք է աշխատի, որ համալսարանի ծախսին հասնի: Եթէ «բաւարար» եկամուտ ըլլար ֆութպոլի մէջ, ոչ մէկ հայ այլ խումբ կ՛երթար կամ կը հեռանար ֆութպոլէն:

Պարագան նոյնն է պասքեթպոլին, ուր կան բազմաթիւ հայ տղաք, որոնք կ՛անտեսուին մարզիչներու կողմէ, որովհետեւ օրէն խտրութիւն եղած է, «մարզիկին հայրը ծանօթ է», պէտք է խաղայ, անդին տաղանդաւոր տղաք կամ աղջիկներ, որոնք յոյսով, որ օր մը մարզիկ կ՛ըլլան եւ յաւելեալ եկամուտ կ՛ունենան իրենց սիրած մարզախաղէն, կը հեռանան:

Ես անձամբ գիտեմ տասնեակ մը մարզիկներ, թէ՛ ֆութպոլիստ, թէ՛ պասքեթպոլի մարզիկ, որոնք չեն ունեցած այդ տաղանդը, բայց տարիներով մաս կազմած են խումբերու, անդին տաղանդաւոր մարզիկներ, որոնք անծանօթ են ըսելով (բայց յաճախ ալ ծանօթ կ՛ըլան անոնք), անոնց առիթ չէ տրուած մասնակցելու:

Յաճախ կը տեսնէինք հայ մարզիչներ ալ, եւ օրէ օր կը շատնան անոնք թէ՛ ֆութպոլի եւ թէ՛ պասքեթպոլի մէջ, որոնք օտար ակադեմիաներու մէջ փայլուն արդիւնքներ կ՛արձանագրեն… Պատճառը դրամն է: Կա՛մ ակադեմիաներ պէտք է ունենանք լաւ հովանաւորներով օժտուած` լաւ մարզիչներ ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ հովանաւորներ պէտք է ունենանք ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերուն, եթէ կ՛ուզենք միշտ ներկայ ըլլալ բարձր դասակարգերու մէջ, կա՛մ ալ ձեռնածալ նստելով կ՛ունենանք ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նման Դ. դասակարգի մէջ խումբ մը:

Աշխատանքը 1 տարուան համար չէ, որ պէտք է ըլլայ: Աշխատանքը պէտք է ըլլայ լաւ եւ երկար ժամանակի վրայ ծրագրաւորուած:

Ունինք մեծ թիւով համակիրներ, որոնք գաղութին հոգին են եւ ծարաւը ունին յաղթանակներ տօնելու: Այո՛, Լիբանանի պարագային թիւը շատ նուազած է, սակայն «ցրուած» համակիրներ շուտով կը միանան եւ կը կանգնին ֆութպոլի թէ պասքեթպոլի խումբերու ետին` տօնելու յաղթանակներ: Որոշումը կը մնայ մեզի: Կա՛մ դրամ պէտք է ծախսենք խումբ ունենալու, կա՛մ ալ ձեռնածալ նստինք, ո՛չ աշխատինք, ո՛չ ալ թոյլ տանք, որ մէկը աշխատի: Այլ լուծում մըն ալ կայ` ճիշդ ձեւով ծախսել, պէտքերը ձեռք բերելու, եւ ոչ թէ անհաշիւ արագ քայլեր առնել: Ուսումնասիրուած աշխատանքը միայն կրնայ լաւ արդիւնքի հասնիլ:

 

 

Նախորդը

Ողիմպիական Խաղեր. Փարիզ 2024-ի Ջահը Վառեցաւ Եւ Ճամբայ Ելաւ

Յաջորդը

Զելենսքի. «Իսրայէլը Յարձակումէն Պաշտպանած Դաշնակիցները, Նոյնը Կրնան Ընել Ուքրանիոյ Համար»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?