Չորեքշաբթի գիշեր «զուտ լիբանանեան» մրցումի մը, Ռիատի 86-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը եւ հասաւ Ուասլի մրցաշարքի աւարտական:
Ռիատի, որ առաջին մրցումին 95-92 արդիւնքով յաղթած էր, Սաժեսի դաշտին վրայ 109-106 արդիւնքով տեղի տուած էր 3 ապրիլին, ինչ որ արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի վրայ:
Ռիատի մրցումի սկիզբը բաւական կորսուած վիճակ ունէր եւ 10-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք ինքզինք գտաւ եւ առաջին մասը 19-15 արդիւնքով աւարտեց:
Յաջորդող մասերուն ալ Ռիատի տիրապետեց, մինչ Սաժես իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց վերջին մասին, երբ Ռիատի վճռած էր մրցումին արդիւնքը` 27 կէտի հասցնելով տարբերութիւնը:
Ռիատիի աւստրալիացի նոր մարզիկը 20 վայրկեան մասնակցեցաւ` նշանակելով 8 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 1 պլոք, բայց 5 ֆաուլեր կատարեց:
Էլմետին Քիքանովիչ (18 կէտ) Ուաէլ Արաքժի (17 կէտ, 8 ռիպաունտ), Քարիմ Զէյնուն (14 կէտ), Մենի Հերիս (12 կէտ) եւ Հայկ Կէօքճեան (10 կէտ) եղան Ռիատիի լաւագոյնները, մինչ Սաժեսի լաւագոյն մարզիկներն էին Ճոնաթըն Կիպսըն (18 կէտ), Քարիմ Իզզետտին (10 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) եւ Օմար Ժամալէտտին (10 կէտ):
Սաժես 3-րդ դիրքի մրցումին յառաջիկայ չորեքշաբթի պիտի հիւրընկալէ Իրաքի Շորթան, Ղազիրի մէջ:
Ռիատի աւարտականին պիտի մրցի Իրանի Շահրտարի Կորկանին դէմ: Առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 ապրիլին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ: Երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 1 մայիսին, Թեհրանի մէջ, իսկ 3-րդ մրցումը 8 Մայիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» դաշտին վրայ, եթէ պէտք ըլլայ: