Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Շահեցաւ Լեռնալիբանանի Գերբաժակը

Ապրիլ 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիլալ Նասրը եւ շահեցաւ Լեռնալիբանանի գերբաժակը:

Մրցումը, որ սկզբունքով պիտի սկսէր ժամը 16:00-ին, բաւական ուշացաւ` այլ մրցումի մը աւարտին սպասելու պատճառով:

Մրցումը բաւական հաւասարակշռուած էր, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւելի կը ճնշէր Հիլալի բերդին վրայ:

35-րդ վայրկեանին ազատ հարուածէ մը ետք խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան գլխու հարուածով քիչ մնաց նշանակէր բացման կոլը, սակայն գնդակը անցաւ Հիլալի բերդապահին աջ կողմի սիւնին քովէն:

44-րդ վայրկեանին Սերժ Օսքեանի քոռնըրէն ետք, Ապտել Ռահման Սոնտոս գլխու հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը:

Բ. կիսախաղին մրցումը աւելի հանդարտեցաւ, բայց ՀՄԸՄ, որ աւելի հակայարձակումներու խաղի դիմեց, նոյնքան վտանգեց Հիլալի բերդը:

Պէտք է ըսել, որ մրցակից խումբի մարզիկներու ճնշումներով «քաջալերուած» իրաւարարը անտեղի դեղին քարտեր ալ «բաժնեց» ՀՄԸՄ-ի տղոց քանի մը անգամ:

85-րդ վայրկեանին մրցումը քիչ մնաց ընդհատուէր, երբ մրցակից համակիրներ, հազիւ տասնեակ մը շիշեր նետեցին դաշտ:

89-րդ վայրկեանին նոր դաշտ ներկայացած Իպրահիմ Մուսաուի երկար փոխանցում մը ստացաւ ՀՄԸՄ-ի պաշտպաններէն եւ առանձին կը սուրար դէպի մրցակից քառակուսի, երբ բերդապահը դուրս գալով զայն խոշտանգեց: Սկիզբը պարզ ֆաուլ մը կը կարծուէր, եւ իրաւարարը կարմիր քարտ տալէն ետք բերդապահին, նկատեց, որ Մուսաուի իր ուշքը կորսնցուցած է, եւ անմիջապէս օգնութիւն պահանջեց: Մուսաուի լեզուն կլլած էր, բայց 10 վայրկեան հանգստանալէ ետք կրցաւ շարունակել, եւ մրցումն ալ շարունակուեցաւ:

10-րդ վայրկեանին Ֆատըլ Ռիտա ամենայն հանդարտութեամբ խաղի բերաւ մրցակից մը քառակուսիին մէջ, եւ փոխանցեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլիստ ֆութպոլիստ Եուսեֆ Համատէին, որ նշանակեց 2-0-ի կոլը:

Քանի մը վայրկեան ետք մրցումը աւարտեցաւ իրաւարարին ազդանշանով, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրցաւ 2-րդ բաժակը շահիլ այս տարեշրջանին` սպասելով Գ. դասակարգ բարձրանալու աւարտական հանգրուանին:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան կրցաւ Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի բոլոր խումբերուն ալ պարտութեան մատնել: Նախապէս Ահմետ Այթանիի խումբը` Հիլալ Նասր, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը պարտութեան մատնած էր Բ. հանգրուանի մրցումներուն գծով (1-0), եւ երէկուան յաղթանակը փաստ մըն էր, որ լաւ ուսումնասիրուած խաղի ծրագրաւորումը մարզիչի մը իսկական ուժն է: Անշուշտ մարզիկներն ալ կարողութիւն ունին մարզիչին ցուցմունքները լաւապէս կատարելու:

Յաջողութի՛ւն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի բոլոր մարզիկներուն, պատասխանատուներուն եւ համակիրներուն, յոյսով, որ յաղթանակներու շարքը կը շարունակուի աւարտական հանգրուանին ալ:

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ-ի Կրտսերները` Յաղթական

Յաջորդը

Հանիէ. «Զինուորական Գործողութիւններէն Ետք Պաղեստինցիները Պիտի Կառավարեն Կազան»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?