Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆաթըհ խումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռաէտը: 12-րդ վայրկեանին Լուքաս Զելարայեան նշանակեց Ֆաթըհի 2-րդ կոլը: Նախապէս Իթթիֆաքի դէմ մրցումին ալ, Զելարայեան 80-րդ վայրկեանին նշանակած էր Ֆաթըհի միակ կոլը: Ֆաթըհ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը, մինչ Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ արժանթինահայ յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան, 24 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ: