14 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ չորեքշաբթի գիշեր մեծ դժուարութեամբ եւ փենալթիներու արդիւնքով դուրս ձգեց անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին:
Մրցումը եղաւ գրեթէ միակողմանի, ուր Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթին տիրապետեց եւ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց: 12-րդ վայրկեանին Ռոտրիկօ անակնկալ հակայարձակումով նշանակեց Ռէալի կոլը: 76-րդ վայրկեանին, օգտուելէ ետք Ռուտիկըրի պզտիկ սխալէն, Քեւըն Տը Պրունյը նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը: Երթին Սպանիոյ մէջ մրցումը 3-3 արդիւնքով աւարտած էր, ուստի երբ որեւէ խումբ կոլ չկրցաւ նշանակել, դիմուեցաւ փենալթիներու: Լուքա Մոտրիչ (Ռէալ Մատրիտ) կորսնցուց իր հարուածը, մինչ Սիթիի մարզիկներ Պեռնարտօ Սիլվա եւ Մաթէօ Քովաչիչ չկրցան խաբել Ռէալ Մատրիտի պահեստի բերդապահ ուքրանացի Անտրէյ Լունինը: Վերջին վճռական փենալթին կոլի վերածեց Ռէալի գերմանացի պաշտպան Անթոնիօ Ռուտիկըր` Ռէալ Մատրիտը հասցնելով կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխին դէմ:
Երեքշաբթի գիշեր երկու սպանական խումբեր դուրս մնալէ ետք, չորեքշաբթի գիշեր երկու անգլիական խումբեր դուրս մնացին, երբ Եոշուա Քիմիչի գլխու զօրաւոր հարուածը բաւարար էր, որ Պայերն Միւնիխ դուրս ձգէ Արսենալը (երթ` 2-2):
30 ապրիլին Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, իսկ օր մը ետք, Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան 7 եւ 8 մայիսին, յաջորդաբար Փարիզի եւ Մատրիտի մէջ: