Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէքըրզ 7-րդ Դիրքը Գրաւեց Փելիքընզ – Քինկզ` 8-րդ Դիրքի Պայքար

April 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն «Էն. Պի. Էյ.»-ի սիրահարները ականատես եղան գեղեցիկ հետաքրքրական մրցումի մը, որուն ընթացքին Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրցաւ յաղթել Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի, վերջինիս դաշտին վրայ, 110-106 արդիւնքով:

Կիրակի օրուան յաղթանակը (124-108) կրկնելով` Լէյքըրզ գրաւեց 7-րդ դիրքը, ուր Լըպրոն Ճէյմս 23 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, իսկ Անթոնի Տէյվիս 20 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տ՛Անճելօ Ռասըլ 21 կէտ նշանակեց, մինչ Օսթըն Ռիվզ (16 կէտ) եւ Ռոսի Հաշիմուրա (13 կէտ) ամբողջացուցին Լէյքըրզի հնգեակը:

Նիւ Օրլինզի լաւագոյն մարզիկն էր Զայըն Ուիլիըմսըն, որ 40 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Առանձին փայլելով Զայըն բաւարար օգնութիւն չստացաւ իր խմբակիցներէն, որոնցմէ Թրէյ Մըրֆի (12 կէտ), Պրենտըն Ինկրամ (11 կէտ) եւ Լերի Նենս (10 կէտ, 12 ռիպաունտ) նշանակեցին առաւելագոյն կէտերը:

Խումբերու տարբերութիւնը 3 կէտնոց կողովներու գծով էր, ուր Լէյքըրզ 35 փորձերէն 14 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց 40 հարիւր տոկոսով, մինչ Նիւ Օրլինզ 30 փորձերէն 9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց 30 առ հարիւր յաջողութեամբ: Նոյնիսկ ֆաուլերու ազատ հարուածներուն պարագային Լէյքըրզ իր 29-էն 26-ը նշանակեց, մինչ Փելիքընզ 15-էն 11-ը կրցաւ նշանակել:

Լէյքըրզ այս ձեւով հասաւ փլէյ-օֆի մրցումներուն եւ առաջին հանգրուանին պիտի մրցի անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցի դէմ, որ Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դասուած խումբն է:

Երէկ 9-րդ դիրքը գրաւող Սաքրամենթօ Քինկզ հիւրընկալեց 10-րդ դիրքը գրաւող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ եւ 118-94 արդիւնքով պարտութեան մատնեց զայն:

Քիկըն Մըրէյ 32 կէտ նշանակեց (8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ)` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ, մինչ Տը՛Արոն Ֆոքս 24 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սաքրամենթոյի: Տոմանթաս Սապոնիա 16 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Քինկզի, որ այժմ պիտի մրցի Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ` 8-րդ դիրքին համար:

Կոլտըն Սթէյթ իր լաւ օրերուն մէջ չէր, եւ Սթեֆըն Քըրի 22 կէտ կրցաւ նշանակել` կատարելով 6 թըրն օվըր: Իր 7 փորձերէն 3-ը կրցաւ նշանակել 3 կէտնոց հարուածներէն, մինչ խմբակից Քլէյ Թոմփսըն 6 անյաջող 3 կէտնոց հարուածներ փորձեց եւ առանց կէտի աւարտեց, հակառակ անոր որ 31 վայրկեանէ աւելի մասնակցեցաւ:

Ճոնաթըն Քամինկա 16 կէտ աւելցուց, մինչ Էնտրու Ուիկընզ եւ Տրէյմըն Կրին 12-ական կէտերով աւարտեցին Կոլտըն Սթէյթի այս եղանակը:

Այսօր Արեւելեան շրջանի փլէյ-ինի մրցումներուն, 7-րդ դիրքին համար կը մրցին Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ եւ անցեալ տարուան փոխախոյեան Մայեմի Հիթ, մինչ միւս մրցումին 9-րդ դիրքը գրաւող Շիքակօ Պուլզ պիտի մրցի 10-րդ դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքսին դէմ:

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Գերբաժակ. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասր

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.