Երեքշաբթի, 16 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային վարչական ժողովը:
Ժողովին մասնակցեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Զահլէի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի, Ճիւնիի, Ռաուտայի եւ Պաուշրիէի վարչութիւնները:
Ժողովին բացման, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեան յայտնեց, որ այս տարեշրջանը հռչակուած է կազմակերպական եւ միասնական աշխատանքի տարի: Վահան Համամճեան ներկայացուց Շրջանային վարչութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական, քարոզչական եւ մարզական ռազմավարական ծրագիրներու մանրամասնութիւններ: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: