Ողիմպիական Խաղեր. Փարիզ 2024-ի Ջահը Վառեցաւ Եւ Ճամբայ Ելաւ
Երէկ 2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ջահը վառեցաւ հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ` ամբողջացնելով վերջին փուլը` 7 տարիներու պատրաստութիւններուն: Փարիզի Ողիմպիականը, որ 33-րդ ամառնային Ողիմպիականն է, կը սկսի 26 յուլիսին եւ կ՛աւարտի 11 օգոստոսին: Աշխարհի մեծագոյն միջազգային մարզական իրադարձութիւններու շարքին կը նկատուին այս խաղերը, ուր աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու: Ժամանակակից ողիմպիական խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է...




















